«Կեանքի Ծաղիկ»՝ Անմոռուկ. ընդամէնը 500 դրամ նուիրատուութեամբ կարելի է կեանք տալ նոր
հայու։
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».– 25 Փետրուարին Կոմիտասի անուան թանգարան-հիմնարկին մէջ ընթացք
առաւ բարեսիրական նախաձեռնութիւն մը։ «Կեանքի ծաղիկ» արշաւին նպատակն է օգնութիւն ցուցաբերել
մայրանալու խնդիր ունեցող ընտանիքներուն՝ «Արագիլ» վերարտադրողական բժշկութեան աջակցութեան
հիմնադրամին միջոցով: Համահայկական նախաձեռնութեան միանալու համար փափաքողները կրնան
այցելել flowersoflife.am կայքը եւ գնել ընդամէնը 500 դրամ արժողութեամբ «Կեանքի ծաղիկը»՝
Անմոռուկը: «Կեանքի ծաղիկ» շարժման հեղինակ-ղեկավար Քրիստինա Յարութիւնեան լրագրողներուն
հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին ներկայացուց իր պատմութիւնը, որ դարձած է այդ արշաւին
նախաձեռնելու իւրայատուկ շարժառիթ: Անոր համաձայն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն
դէմ պէտք է պայքարիլ գործնական քայլերով ու կեանք տալ մեծ թիւով հայերու՝ ի յիշատակ 1.5
միլիոն անմեղ զոհերուն: «Ես առողջական խնդիր եմ ունեցել տարիներ առաջ ու հնարաւոր էր
երբեք երեխայ չունենայի, ես զգացել եմ այդ դժուար պահը, երբ հոգու եւ սրտի դատարկութիւնը
հնարաւոր չէր ոչ մի բանով լրացնել: Բարեբախտաբար, այսօր ունեմ երեք զաւակ եւ շնորհակալութիւն
եմ յայտնում Աստծուն դրա համար: Այս էր պատճառը, որ ինձ մօտ առաջացաւ միտքը իրականացնելու
մի ծրագիր, որը կ՛օգնի ու երեխայ ունենալու բերկրանք կը պարգեւի վերատադրողական խնդիրներ
ունեցող անապահով ընտանիքներին», նշեց Քրիստինա Յարութիւնեան: Երբ դիմած է «Արագիլ»
հիմնադրամին, արձագանգը չէ ուշացած, իսկ արդիւնքը կրնայ ըլլալ շօշափելի, եթէ աշխարհի
բոլոր հայերը, գործարարներն ու կազմակերպութիւնները համախմբուին «Կեանք տուր նոր հայ»ի
կարգախօսին շուրջ: Նախաձեռնութեան կազմակերպիչները նշաձող սահմանած են 15 միլիոն «Կեանքի
Ծաղիկ» վաճառել, որով բժշկական օգնութեան կարելիութիւն պիտի ստանայ վերարտադրողական խնդիր
ունեցող 6000 հայ ընտանիք: «Արագիլ» հիմնադրամի տնօրէն Սուսսաննա Գաբրիէլեան ներկայացուց
«Արագիլ» հիմնադրամի գործունէութեան արդիւնքները: «1242 զոյգ դիմել է ծրագրին, որոնցից
442ը ստացել է ուղեգիր այս կամ այն բժշկական հաստատութիւններ: 224 զոյգի մօտ բժշկական
միջամտութիւնն արդէն աւարտել է, 112 յղիութիւն է գրանցուել: 61 կին ծննդաբերել է, որի
արդիւնքում ծնուել է 82 երեխայ, 26 զոյգ այս պահին սպասում է երեխայի, իսկ 25 զոյգի մօտ
չի ստացուել պահպանել յղիութիւնը», տեղեկացուց Սուսաննա Գաբրիէլեան: Մէկ զոյգի համար
միջին հաշուով կը ծախսուի 4-5 հազար տոլարին համարժէք դրամ: Մանկաբարձ-ծննդաբան, Վերարտադրողական
բժշկութեան հայկական միութեան փոխնախագահ Կարինէ Թոխունց բոլորին կոչ ուղղեց՝ միանալու
շարժումին եւ գնելու Անմոռուկ մը, որուն շնորհիւ պիտի ծնին հայ մանուկներ: Արշաւին կազմակերպիչներուն
խօսքով՝ արդէն կան կազմակերպութիւններ, որոնք միացած են բարեսիրական ձեռնարկին: «Կեանքի
ծաղիկ» բարեսիրական արշաւը պիտի տեւէ մինչեւ 24 Ապրիլ