2015-02-25 09:42:32

ՏԱՀԵՇ դարձեալ երկու Եկեղեցի կը հրկիզէ, ինչպէս նաեւ Ասորիներ կ՛առեւանգէ


Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը յայտարարեց, որ Սուրիոյ Հասաքէ նահանգին մէջ ՏԱՀԵՇ իր զինեալներուն եւ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերու միջեւ բուռն բախումներու թատերաբեմ դարձած Թել Թամր գիւղին մօտ գտնուող Թել Շամիրամ եւ Թել Հըրմոզ գիւղերէն շուրջ 90 ասորիներ առեւանգած է: «Մայատին» կը հաղորդէ, որ տասնեակներով ասորիներ զոհ գացած են Արեւմտեան Հասաքէի մէջ մեծագոյն ասորական գիւղերէն Թել Թամրի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներու գործած ջարդերուն, ինչպէս նաեւ հարիւրաւոր ուրիշներ փախուստ տուած են Սուրիոյ բանակին կամ քիւրտերուն վերահսկողութեան տակ գտնուող մօտակայ շրջաններ: Ըստ ապահովական աղբիւրի մը, ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները առեւանգած են աւելի քան 200 ասորիներ, որոնց մեծամասնութիւնը` կիներ ու մանուկներ, եւ զանոնք տարած անորոշ ուղղութեամբ: Աղբիւրը այն մտավախութիւնը կը յայտնէ, որ հաւաքական սպանդ տեղի ունենայ:
ՏԱՀԵՇ այս ամսուան սկիզբէն ի վեր բուռն յարձակում մը շղթայազերծած է Խապուր գետի երկայնքին գտնուող շարք մը ասորական գիւղերու դէմ: Շրջանին մէջ քրտական Ժողովրդային պաշտպանութեան ուժերը, Ասորական զինուորական խորհուրդի զինեալները եւ ժողովրդային պաշտպանութեան յանձնախումբերը դէմ կը դնեն յարձակումին:
«Նաշրա» կայքը իր կարգին հաղորդեց, որ ՏԱՀԵՇ Թել Թամրի մէջ հրկիզած է Ռպան Մաթիու եկեղեցին, ինչպէս նաեւ Շամիյէի մօտ գտնուող Մար Ժըրժըս եկեղեցին:
Յիշեցնենք, որ ՏԱՀԵՇ մէկ օր առաջ եւս Թել Հըրմոզ եւ Թել Շամիյէ գիւղերուն դէմ յարձակում գործելէ եւ բնակչութեան մեծամասնութիւնը տեղահանելէ ետք` նշեալ գիւղերուն մէջ երկու եկեղեցի հրկիզած էր:







All the contents on this site are copyrighted ©.