2015-02-25 09:42:19

Իսլամական պետութիւնը պատանդ առած է տասնեակ քրիստոնեայ ընտանիքներ։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Իսլամական պետութիւնը Սուրիոյ մէջ կը յառաջանայ ու կը գրաւէ ասորի երկու քրիստոնեայ գիւղեր Խապուրի շրջանին մէջ'' հաղորդագրած է քորեպիսկոպոս Էմանուէլ Եուհանա Տէլ Քաբնի։ Ահաբեկիչները շրջապատեցին Իրաքի սահմանակից երկու գիւղեր Հասաքէի մարզէն եւ տասնեակ քրիստոնեայ ընտանիքներ պատանդ առին ու 17 ամեայ` Միլատ կոչուած երիտասարդ մը սպաննեցին։ Հասաքէ մարզի եպիսկոպոսը Մար Աֆրեմ Աթնիել հաստատած է որ ահաբեկիչները արագօրէն կը յառաջանան եւ վտանգի կը մատնեն տեղական 35 քրիստոնեայ գիւղերը։ Ահաբեկիչները կորսնցնելով Քոպանը ներկայիս յարձակում կը կատարեն ասորական գիւղերուն դէմ։ Բարեբախտաբար աւելի քան 600 ընտանիքներ կարողացած են Քաիմշլիէ քաղաքը ապաստանիլ, հաստատած է միշտ քորեպիսկոպոսը, իր մտահոգութիւնը յայտնելով ահաբեկիչներու ձեռքը կալանուած տասնեակ ընտանիքներու ճակատագրին մասին, քաջատեղեակ ըլլալով ՏԱՀԵՇԻ բարբարոս ռազմավարութեան։
Յայտնենք որ Խապուրի շրջանը կը հաշուէ 35 քրիստոնեայ գիւղեր, անոնք մեծամասնութեամբ ասորի են 1933ին հեռացած են Իրաքէն ու փրկուած Իրաքի թագաւորական բանակի ջարդէն, որուն ընթացքին երեք հազար հոգիներ սպաննուեցան։ Այդ ընտանիքներու յոյսը միշտ եղած է հայրենիք` Իրաք վերադառնալ։ Այդ պատճառաւ Խապուրի բնակիչները կը շարունակեն գաղթավայր կոչել իրենց գիւղերը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.