2015-02-24 09:21:31

Նոր քառասնորդաց մը Նոր Կեանքին


RealAudioMP3 Այս տարի եւս Եկեղեցին մեզի նոր առիթ մը կ'ընծայէ Աստուծոյ աւելի մօտենալու եւ իրեn հետ հոգեւոր պահեր ապրելու: Արդեօք պատրաստ ենք հաւատալու եւ ընդունելու թէ մեր կեանքին մէջ նորութիւն մը պիտի կարենանք բերել մեր հոգեւոր կեանքին մէջ: Քանի՜ Քառասնորդացներէ անցանք եւ քանի՜ խոստումներ ըրինք եւ սակայն դեռ շատ մը բաներ ունինք սորվելու Եկեղեցական տօնացոյցէն մանաւանդ այս գեղեցիկ շրջանին ընթացքին:
Եկեղեցին մեզի ամէն տարի կը նորոգէ այս հրաւէրը ապաշխարութեան, ինչպէս մարզիչը նորանոր մարզանքներ եւ փորձեր կը պահանջէ իր խաղցողներէն գիտնալով հանդերձ որ պիտի չփոխուին մէկ օրէն միւսը. եւ սակայն առիթը չի փախցներ լաւագոյնը ընելու, զիրենք աւելի յաջող տեսնելու որովհետեւ կ'ուզէ կատարեալ տեսնել իր երիտասարդները առանց երբեք յոյսը կտրելու՝ զիրենք յաջող տեսնելու:
Մեզի համար, քրիստոնեաներուս եւ մանաւանդ քահանաներուս, քառասնորդացի շրջանին նպատակն է Քրիստոսի լաւագոյն աշակերտները դառնալն է՝ մեր Տիրոջ մօտենալու իրեն հետ բարեկամութիւն մը հաստատելու: Քառասնորդաց շրջանը յաջողցնելու համար մեզմէ կը պահանջուի աղօթք եւ ապաշխարութիւն:
Յիսուսի լաւ աշակերտ ըլլալը կը նշանակէ փորձել նմանիլ Յիսուսի որ մեր աչքերուն առջեւ յստակ է իր ներկայութեամբ: Աստուած որ մեզի առանց հաշիւի եւ առանց չափի առատօրէն կու տայ ամէն ինչ:
Սորվելու ենք, թէ ինչպէս մենք կրնանք այս որդիութիւնը ապրիլ այսինքն միանալ մեր Աստուծոյ Հօր այսինքն սորվիլ տալ, մասնակից դառնալ իր փրչագործութեան խորհուրդին:
Քառասնորդացը մեզի համար ողորմութեան շրջան մը պէտք է ըլլալ այսինքն առատութեամբ օգնել դիմացինիս, աղքատ եղբօր կամ բարեկամին որովհետեւ իրենց երեսին վրայ կը տեսնենք Աստուծոյ ողորմութիւնը եւ սէրը: Բռնելու ենք Աւետարանին ճանապարհը որուն մէջ կը գտնենք մասնակցութեան ուրախութիւնը, ինչպէս նաեւ առատութեան շնորհքը առանց իրմէ որեւէ բան մը սպասելու:
Աղօթքը կարեւոր տեղ ունի Քառասնորդացի շրջանին որովհետեւ մեզ կ'ուղղէ լաւագոյն միութեան իմ եղբօր եւ քրոջ հետ եւ մանաւանդ Աստուծոյ ներկայութեան: Աղօթքը կարեւոր նաեւ մեր հոգեւոր կեանքին որովհետեւ մեր թոքերուն oxygène (թթուածին) է:
Աղօթել կը նշանակէ Աստուծոյ ներկայութիւնը զգալ եւ պատրաստ ըլլալ ընդունելու իր շնորհքները: Ինչպէ՞ս կրնանք Աստուծոյ զաւակնեդը կոչուիլ առանց ապրելու աղօթքի խորութիւնը:
Աղօթքը այն ճանապարհն է որ Աստուած սրտերը կը փոխէ աւետելու սէրը: Աղօթել կը նշանակէ ընդունիլ Աստուծոյ պաշտպանութիւնը մեր կեանքին վրայ: Առանց աղօթքի չկայ ոչ հաւատք եւ ոչ հոգեւոր կեանք եւ ոչ իսկ քահանայութիւն: Խնդրելու ենք Աստուծմէ որ մեզի տայ աղօթքին արժէքն ու համը:

Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան







All the contents on this site are copyrighted ©.