2015-02-24 08:51:49

Հոնկ Քոնկի առաջնորդի քառասնորդացի պատգամը նուիրուած ընտանիքին։


(Ռատիօ Վատիկան) Կարդինալ Ճոն Թոնկ` Հոնկ Քոնկի առաջնորդը, քառասնորդացի հովուական թուղթին մէջ կոչ կ’ուղղէ ճանչնալու ընտանիքին արժէքները։ Կարդինալը կը գրէ թէ այսօրուան մարդը մխրճուած եսակեդրոնականութեան ու հեշտապաշտութեան մէջ կարող է շուտով մոռնալ Աստուծոյ ներկայութիւնը, խիղճին մէջ, ինքզինք համարելով տէրը ստեղծագործութեան։ Մարդը նոյնպէս կարող է մոռնալ արժէքը ամուսնութեան ու ընտանիքին։ Ինքնահաւանութենէն մղուած, Ան կ՛անտեսէ կեանքին արժէքը, թմրամոլութենէն տարուած բռնութիւն կը կատարէ օճախէն ներս, չի յարգեր ծերերն ու մանուկները։ Կարդինալը դիտել կու տայ որ 2015-ի քառասնորդացը կը զուգադիպի չինական նոր տարուայ տօնին։ Այս օրը յատկապէս նուիրուած է ընտանիքին ու չինական մշակութային աւանդութեան։ Ընտանեկան արժէքները մեծ տեղ կը գրաւեն Չինաստանի մէջ, ուստի հրաւէր կ’ուղղէ կարդինալը նոր սերունդին` ոգեւորելու ընտանիքի ու մարդկային յարաբերութիւններու արժէքները։ Ուրիշներու համար զոհուիլը եւ ուրիշները սիրելը կը բարւոքէ ընտանիքը։
Ընկերութիւնը արդարեւ կարիքն ունի այն անհատներուն որոնք պատրաստ են զոհուիլ ուրիշներուն համար եւ գիտեն ներել ու սիրել ըլլայ տան մէջ ըլլայ աշխատավայրին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.