Անցեալ 7 յունուարին, Փարիզի Շարլի Էպտօ (Charlie Hebdo) երգիծաթերթին դէմ կատարուած
ահաբեկչական գործողութեան եւ ասոր հետեւանքով 12 երգիծանկարիչ լրագրողներու սպանութեան
լուրը հազիւ տարածուած, ֆրանսացի կամ ոչ, բացագանչեցին. «Ես Շարլի եմ»: Բոլոր հաղորդամիջոցներուն
ընդմէջէն պոռթկումներ բարձրացան որդեգրելով միեւնոյն լոզունգը: Աշխարհը պոռաց, եւ զանոնք
հռչակեց գրիչի հերոսներ: Անշուշտ ո՛չ ոք համաձայն է այսպիսի ահաբեկչական գործողութեան
մը, որ դժբախտաբար հարուածեց լրագրական ազատամտութիւնը, եւ խլեց կեանքը 12 անձերու՝ որոնք
նուիրուած էին իւրայատուկ ոճով հանրային կարծիքին ներկայացնելու իրենց գաղափարախօսութիւնը:
Այլակարծութիւնը կամ այլադաւանութիւնը ոչ ոքի իրաւունք կու տայ սպաննելու: Բոլորս ալ
հակառակ ենք մարդասպանութեան: Սակայն այն ինչ որ չի հասկցայ թէ ինչպէս րոպէի մը մէջ ամէն
մարդ Շարլի Էպտօ եղաւ. հասկցող թէ չհասկցող փորձեց առիթը օգտագործել ըսելու համար թէ
ինք կողմնակից է, սակայն որո՞ւ: Արդեօք գիտէի՞ն ինչ է ինքնութիւնը «Շարլի Էպտօ»ի: Ոչ
ոք իրաւասութիւնը ունի դատելու անձի մը հաւատքին չափանիշը, կրօնական պատկանելիութիւնը,
եւ կամ նոյնիսկ անհաւատութիւնը: Ամէն մարդ ազատ է ընդունելու կամ մերժելու Աստուած, գաղափարակից
ըլլալու կամ հակակարծիք: Բայց կարելի չէ ներել ու չդատապարտել անհանդուրժողութեան պատճառով
գործուած կրօնական ոճիրները: Միւս կողմէ, լրագրութիւնը չէ եղած որպէսզի դատէ, դատապարտէ
կամ ծաղր ու ծիծաղի առարկայ դարձնէ կրօնքը, եկեղեցին ու հաւատքը: Չեմ գիտեր թէ անոնք
որոնք բացագանչեցին ու գոռացին. «Ես Շարլի եմ», գաղափար ունէի՞ն «Շարլի Էպտօ»ի հրատարակած
պատկերներէն: Խօսքի կամ լրագրողական ազատութիւնը իրաւունք չի տար անարգելու, կոխկռտելու,
հայհոյելու կամ ծաղրանքի առարկայ դարձնելու մարդուն հաւատքն ու արժէքները: Կարելի չէ
ընդունիլ պատկեր մը ուր կը պղծուի սուրբբ Երրորդութիւնը, Աստուածամայրը, սրբազան Քահանայապետը
կամ նոյնիսկ Մահոմէտը: Այս ազատամտութիւն չէ, այլ՝ անարգանք: Կրօնական ազատութիւնը կը
պարտադրէ որ յարգես ուրիշին հաւատքը: Յամենայնդէպս, կը շնորհաւորեմ եւրոպացի ղեկավարներն
ու ժողովուրդը, որոնք միաբերան «Ոչ» ըսին ահաμեկիչներուն ու ահաբեկչութեան: Բայց չեմ
գիտեր, թէ Էրտողանը ի՛նչ հանգամանգով դատապարտեց այսպիսի ոճիր մը, երբ ինք՝ հեռաւոր թէ
մօտիկ անցեալի պատմութիւնը վկայ, հովանաւորն է ահաբեկչութեան. արդե՞օք որպէսզի ծածկէ
իր արիւնլուայ ձեռքերը, որոնցմով «Տաէշականներ» կը պատրաստէ, եւ կամ որպէսզի օսմանեան
սեւ էջերը մոռցնել տայ աշխարհին, այն էջերը ուր մէկ ու կէս միլիոն հայերու արեան կաթիլները
կան: Դժբախտաբար եղան հայեր, որոնք բաղդատական պատկերներով փորձեցին որոշ նմանութիւն
մը ստեղծել «Բոլորս ալ Հրանդ Տինք ենք»ին եւ «Բոլորս ալ Շարլի Էպտօ ենք»ին միջեւ: Հրանդ
Տինքը չի՛ կրնար համադասուիլ Շարլի Էպտօին հետ: Կարելի չէ Հրանդ Տինքի վեհութիւնը նուաստացնել
ու իջեցնել Շարլի Էպտօի մակարդակին: Ով որ Հրանդ Տինք է, չի կրնար Շարլի Էպտօ ըլլալ.
իսկ ով որ Շարլի Էպտօ է դարձեալ չի կրնար հաւասարիլ Հրանդ Տինքին հետ: Լաւ որոնենք մեր
ինքնութիւնը: Ես հայ եմ, սփիւռքահայ եմ: Ես Հայաստան եմ, Արցախ եմ, Ջաւախք եմ: Ես
Մէկ ու կէս միլիոն նահատակ եմ, Հրանդ Տինք եմ: Ես Գիւմրիի մէջ զոհ գացած «Աւետիսեան»
ընտանիքն եմ: Ես Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին վկան եմ: Շարլի Էպտօ-ի
եւ բոլոր Շարլի Էպտօներու ահաբեկչական գործողութիւնները դատապարտելով հանդերձ, իմ առաջնահերթ
պարտականութիւնս է ՅԻՇԵԼ եւ ՊԱՀԱՆՋԵԼ: Դատապարտեցէ՛ք, վշտակցէ՛ք եւ ձգեցէք որ անոնք իրենց
մեռելները թաղեն, որովհետեւ մենք պիտի յարուցանենք մեր նահատակները: Հայր Սեպուհ վրդ.
Կարապետեան