2015-02-23 10:40:40

Իսլամ պետութենէն գլխատուած քրիստոնեաները յայսմաւուրքի ցանկը անցան։


Ռատիօ Վատիկան) ''Լիպիոյ մէջ Իսլամ պետութենէն գլխատուած 21 քրիստոնեաները պիտի յիշուին որպէս Ղպտի եկեղեցւոյ նահատակներ, անոնք սպաննուեցան պարզապէս որովհետեւ քրիստոնէական հաւատքը կը դաւանէին'', յայտարարեց Ղպտի օրթոտոքս եկեղեցւոյ պատրիարքը` գերերջանիկ Թաուատրոս Բ.։ Անոնց անունը, ըսաւ Պատրիարքը, պիտի անցնի յայսմաւուրքի մէջ ու պիտի յիշատակուին 15 Փետրուարին։ Եգիպտական պետութիւնը պատրաստ է օգնելու նահատակներու ընտանիքներուն անոնց ամսական թոշակ յատկացնելով։ Լիպիա գաղթած եգիպտացի քրիստոնեայ 21 բանուորներու անունները հրապարակուեցան Ոուաթան շաբաթաթերթին մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.