2015-02-23 10:09:52

Գրիգոր Գ Լահհամ Պատրիարքի քառասնորդաց շրջանի պատգամը


(Ռատիօ Վատիկան) ''Միջին Արեւելքը կ՛ապրի ճանապարհ խաչի տառապանքի շրջան մը. Համաշխարհային Բ պատերազմէն ետք ամենէն դաժան ժամանակաշրջանը'', գրած է Անտիոքի եւ համայն Միջին Արեւելքի Մելքիթներու Պատրիարք` Գրիգոր Գ. Լահհամը իր հրատարակած քառասնորդաց շրջանի պատգամին մէջ։
Եկեղեցին՝ իր ջանքերով հանդերձ, կը շարունակէ դիմագրաւել տարածաշրջանին հրատապ հարցերն ու դժուարութիւնները։ Եկեղեցին, իր տառապող ժողովուրդին առջեւ, ձախողութիւն կ՝արձանգրէ, ըլլան անոնք քրիստոնեայ կամ մահմետական։ Համաշխարհային տառապանքն մըն է է ասիկա կը հաստատէ Պատրիարք Լահհամը։

Որպէս հովիւ` միացած իր հօտին, եկեղեցին՝ ժողովուրդին կողքին կանգնած մնալով կը շարունակէ լուալ տառապող ժողովուրդին ոտքերը, ինչպէս Յիսուս սորվեցուց մեզի, լուալով իր առաքեալներուն ոտքերը։ ''Գողգոթայի ճանապարհ խաչի հինգերորդ տարին թեւակոխեցինք, ցաւալի ուղեւորութիւն մը որ յատկապէս կը հարուածէ Սուրիան եւ Իրաքը'', կը գրէ Պատրիարք Լահհամ պատգամի աւարտին կոչ ուղղելով իր հայրենակիցներուն, վերակոչելով Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը`''թոյլ չտալ որ յոյսի կանթեղը փարատի անոնց սրտերէն''։







All the contents on this site are copyrighted ©.