2015-02-23 09:45:36

«Նախարարաց խորհուրդը պէտք է վարուի իբրեւ ընթացաւարտ կառավարութիւն» շեշտեց Ռայի Պատրիարքը


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կիրակի, 23 փետրուարին առաւօտեան, Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ շեշտեց, որ լիբանանցիները խախտած են սահմանադրութիւնը, Ազգային ուխտն ու ազգային համերաշխութիւնը` նախագահական ընտրութեան մէջ իրենց արձանագրած զլացումին պատճառով: Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ նախարարաց խորհուրդը այս հանգրուանին պէտք է վարուի իբրեւ ընթացաւարտ կառավարութիւն, որովհետեւ նախագահական աթոռին թափուր մնալը սովորական իրավիճակ մը չէ: Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց անմիջապէս հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու:







All the contents on this site are copyrighted ©.