2015-02-21 11:06:21

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին շնորհաւորագիրը Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս – պատրիարքին եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան 25 ամեակին առիթով։


Վատիկան
Առ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Թարմունի Կաթողիկոս Պատրիարք Հայոց Տանն Կիլիկիոյ
Քու կեանքիդ մօտալուտ երջանիկ եղելութիւններուն առիթով, Գերերջանիկ Տէր, այժմէն իսկ կը հրճուինք եւ մեր այս պաշտօնական գրութեամբ ջերմօրէն կը խնդակցինք քեզի հետ: Արդարեւ, յառաջիկայ օգոստոս ամսոյն 15-ին կը կատարուի 50-երորդ աստուածապարգեւ տարեդարձը՝ որով Քրիստոսի քահանայութեան բաժնեկից եղար, իսկ փետրուար ամսոյն 18-ին՝ 25-երորդ տարեդարձը քու եպիսկոպոսական ձեռնադրութեանդ:
Յիրաւի ուրախութեամբ նկատած ենք քու կեանքիդ ու առաքելութեանդ համայնպատկերը, աչքէ անցընելով գործունէութիւնը զոր վարած է ես, գօտեպնդուած աստուածային շնորհքով: Անսալով Տիրոջ կոչին դէպի քահանայութիւն, դուն ժրաջանօրէն յառաջ տարած ես ուսումներդ Գահիրէի մէջ եւ Հռոմի քահանայապետական Գրիգորեան Համալսարանին մօտ, իմաստասիրական եւ աստուածաբանական այլազան նիւթերը սերտելով եւ հոգեւոր կեանքդ խորացնելով: Քահանայ ձեռնադրուած, անմիջապէս սկսած ես Քրիստոսի վարդապետութիւնը քարոզելու Աւետարանի յաւիտենական ճշմարտութիւնը ջատագովելու, նկատի ունենալով նաեւ ներկայ ժամանակներու պարագաները: Գահիրէի ժողովրդապետութիւններու հաւատացեալները վայելած են քու եղբայրսիրութիւնդ, առաքելական նախանձախնդրութիւնդ եւ ամէնուն հանդէպ պարզուած սրտաբաց հոգիդ:
Աղեքսանդրիոյ Հայոց եպիսկոպոս ընտրուած ես 1989 տարւոյն օգոստոս 21-ին: Յարատեւօրէն գործած ես յօգուտ հաւատացեալներուն, որոնք քու հովուական հոգատարութեանդ վստահուած էին, օգնելով անոնց՝ որ դիմագրաւեն առօրեայ կեանքի բազմաթիւ դժուարութիւնները:
Հանգամանօրէն վարած ես նաեւ պաշտօններ՝ իբր Ընդհանուր Քարտուղար Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հովուական խորհուրդին՝ Եգիպտոսի մէջ, ինչպէս նաեւ եղած ես անդամ Հայ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներու Ատեանին եւ նախագահ կոչումներու Պատրիարքական Յանձնախումբին:
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարք ընտրուած ես 1999-ի հոկտեմբեր ամսոյն 7-ին, եւ մեր սուրբ նախորդը՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ., սիրայօժար կերպով տուած է քեզի «եկեղեցական հաղորդութիւն»ը:
Այս գերազանցապէս երջանիկ օրերուն, քու սրբազան պաշտօնիդ մէջ ցուցաբերած բազմարդիւն ու գնահատելի գործունութիւնը կը մղեն մեզ արժանաւոր կերպով յիշատակելու եւ եղբայրաբար ուրախակցելու քեզի եւ Տանն Կիլիկիոյ Հայոց համայն պատրիարքութեան հետ, սիրալիր սրտակցութեամբ ամէն անոնց հետ, որոնք ականատես վկաներ եղած են քու եռանդագին ջանքերուդ՝ հովուական եւ քրիստոնէական վարդապետութեան աշխուժացումին ի խնդիր:
Սրտանց կը շնորհաւորենք նաեւ քու առած նախաձեռնութիւններդ քահանայութեանդ եւ եպիսկոպոսութեանդ ընթացքին՝ մարդկային յառաջդիմութեան եւ կրօնական ազատութեան մարզին մէջ եւ թիկունք կանգնելով ընտանիքի պաշտպանութեան:
Թող օգնական ըլլան քեզի, Գերեջանիկ Տէր, մեր այս եղբայրական ողջոյնը, այս գնահատանքը հանդէպ ամբողջ կեանքիդ արարքներուն եւ օրհնութիւնը զոր կը շնորհենք որպէսզի հաղորդես զայն իւրաքանչիւր հովիւներուն եւ հաւատացեալներուն, որոնք յանձնուած են քու բծախնդիր հոգածութեան, մինչ կը հայցենք ձեր բոլորին աղօթքը, որպէսզի կարողանանք խղճմտօրէն եւ աստուածային կամքին համեմատ կատարել Պետրոսեան ծանրակշիռ մեր պաշտօնը:
Տրուած՝ մեր Վատիկանեան ապարանքէն, 2015 տարուայ յունուար ամսոյն 20-ին, մեր հայրապետութեան երկրորդ տարւոյն մէջ՝

Ֆրանչիսկոս








All the contents on this site are copyrighted ©.