2015-02-21 13:12:21

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 21 փետրուարի գործունէութիւնը ''Քասսանօ Ալլօ Իոնիոյ'' թեմի ուխտաւորներու հետ հանդիպում:


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 21 փետրուարին, առաւօտեան ժամը 10.00ին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Վատիկանի մէջ յաջորդաբար ընդունեց Գերմանիոյ վարչապետ` Անկելա Մերքելն ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւն մը ։ Ապա ժամը 10.45 ին՝ ընդունեց Եպիսկոպոսաց ժողովի կառավարիչ՝ Կարդինալ Մարք Ուէլլէն։
Հուսկ՝ կէսօրին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց՝ Իտալիոյ Քասսանօ Ալլօ Իոնիոյ թեմի աւելի քան 7000 ուխտաւորներուն՝ ընկերակցութեամբ անոնց թեմի առաջնորդին՝ Գերապայծառ Նունցիօ Կալանթինոյին։
Նորին Սրբութիւնը այս առթիւ անոնց ուղղած խօսքին մէջ, նախ անդրադարձաւ անցեալին՝ թեմին շնորհած իր այցելութեան, որուն ընթացքին, Ան անձնապէս ականատես եղած էր՝ թեմին ՝ կարիքաւորներու, հիւանդներու, բանտարկեալներու հանդէպ տարած հոգատարութեան, ինչպէս նաեւ թեմի հաւատացեալներուն ունեցած հաւտաքի ջերմ վկայութեան։
Ով որ Յիսուս կը սիրէ, կ՝ունկնդրէ եւ կ՝ընդունի Աստուծոյ խօսքը եւ անկեղծաբար կ՝ապրի՝ Տիրոջ կոչի պատասխանին, երբեք ՝ չի կրնար ոչ մէկ կերպով ընդառաջել չար արարքներուն, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը աւեցնելով կրօնական արտաքին ձեւակերպութիւնները, եթէ ասոնք ընկերացած չ՝ըլլան ճշմարիտ եւ հրապարակային ապաշխարութեամբ, անոնք բաւարար չեն ՝ համարուելու Քրիստոսի եւ եկեղեցւոյ մէջ սերտ հաղորդութեան։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ակնարկելով Քասսանօ շրջանի բնութեան գեղեցկութեան, ընդգծեց, թէ ասիկա Աստուծոյ պարգեւն է. ժառանգութիւն մը, որ կանչուած ենք՝ պահպանել ու զայն փոխանցել ապագայի սերունդներուն։
Ֆրանչիսկոս Պապը անդրադարձ կատարեց նաեւ թեմի պատկանող ''Էմմանուէլ'' հասարակութեան, որ խնամք կը տանի թմրամոլութենէ տառապող երիտասարդներուն, ըսելով, թէ տառապանքի մէջ գտնուող երիտասարդները, Էմմանուէլ կոչուած հասարակութեան ու անոր պատկան կառոյցներուն մէջ գտան՝ բարի սամարացին, որ գիտակցեցաւ ծունկի գալ երիտասարդներու վէրքերուն առջեւ, ցուցաբերելով անոնց հանդէպ նեցուկ ու գորով։
Մեր ապրած ժամանակաշրջանը, յոյսի՝ յոյժ կարիքն ունի ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը աւեցնելով, թէ կարելի չէ Երիտասարդներուն արգելք հանդիսանալ՝ յուսալու. ''Հարկ է շօշափելի յոյսի ներշնչում բոլոր անոնց, որոնք կ՝ապրին ցաւի եւ տառապանքի մէջ'' - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու խօսքը աւարտեց Քասսանօ Ալ Իոնիօ թեմի հաւատացեալները յանձնելով Տիրամօր Հովանիին ու անոնց տալով իր առաքելական օրհնութիւնները։







All the contents on this site are copyrighted ©.