2015-02-21 09:15:21

Ֆիլիփինեան կղզեխումբի եպիսկոպոսներուն համար քառասնորդացը նպաստաւոր ժամանակ է զօրակցութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆիլիփինեան կղզեխումբի Քարիթասի նախագահ` գերապայծառ Rolando Tirona-ի համար քառասնորդացը զօրակցութեան նպաստաւոր ժամանակ է, բարեպատեհ առիթ մը աղօթքի, ծոմապահութեան ու ապաշխարանքի, ժամանակ է եղբայրսիրութեան եւ օգնութեան հասնելու ընչազուրկին։ Աղքատին օգնութեան հասնելու ծրագիրը կը նպատակադրէ բարւոքել աղքատին կեանքը, ըսաւ հայր Edu Gariguez` Քարիթասի գործադիր քարտուղարը։ Աղքատին օգնել չի նշանակեր օժանդակութիւն տալ այլ աշխատիլ աղքատը ռահվիրայ դարձնել իր կեանքին, բարւոքելով անոր կեանքին որակը, մէկ խօսքով, նպաստել ‘’ինքնավարութեան մշակոյթին’’։
Ֆիլիփինեան կղզեխումբի Քարիթասի “Alay Kapwa” զօրակցիլ աղքատին յայտագիրը, լիովին կը համապատասխանէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին կոչին որ կ’ուզէ որ Եկեղեցին իր ուշադրութիւնը կեդրոնացնէ ընկերութենէն հեռու ապրող անհատներուն վրայ, նեցուկը ըլլալ աղքատին ու հարստահարեալին։








All the contents on this site are copyrighted ©.