2015-02-21 08:56:25

Մնա՞լ թէ Մեկնի՞լ։ Սուրիոյ քրիստոնեաներու ողբերգութիւնը։


Հալէպի հայ կաթողիկէ առաջնորդին միջամտութիւնը Իտալիոյ Ազգային Ժողովի նիստին` ''Ապաստանեալի իրավիճակ շնորհել փախստական քրիստոնեաներուն''։

(Ռատիօ Վատիկան) Արհիապատիւ Պետրոս Արքեպիսկոպոս Միրիաթեան, 19 Փետրուար 2015-ին, հիւրը հանդիսացաւ Իտալիոյ մարդու իրաւունքներու մնայուն կոմիտէի հաստատութեան, որ մաս կը կազմէ Իտալիոյ ազգային ժողովի արտաքին գործերու յանձնախումբին, խօսելու համար Սուրիոյ հալածուած փոքրամասնութիւններու եւ կրօնական ազատութեան հարստահարումի մասին իսլամական ծայրայեղական պետութեան կողմէ։
Հանդիպումը կարգաւորուեցաւ Կոմիտէի նախագահ Mario Marazziti-ի կողմէ։ Հալէպի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդը խօսելով Սուրիոյ քրիստոնեաներու ներկայ կացութեան մասին ըսաւ. ''Ես կու գամ Հալէպէն, ուր քրիստոնէութիւնը ծնունդ առաւ։ Դամասկոսին մէջ Պօղոս առաքեալը մկրտուեցաւ ու սկիզբ տուաւ իր առաքելութեան, որ զինք մինչեւ Հռոմ հասցուց։ Հալէպէն 40 քմ հեռաւորութեան վրայ Քրիստոսի առաջին աշակերտները կոչուեցան ‘’քրիստոնեայ’’։ Յիսուս Պաղեստին ծնաւ սակայն քրիստոնէութիւնը Դամասկոս ծնունդ առաւ։ Սուրիոյ կացութիւնը ողբերգական է։ Մէկ ամիս առաջ հայ կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցին եւս ռմբակոծուեցաւ եւ մեծապէս վնասուեցաւ, այնպէս որ այսօր եկեղեցին փակ է։ Ասիկա առաջինը չէ։ Երկրին մէջ 110 եկեղեցիներ թալանուած կամ կործանուած եւ կամ ի վիճակի չեն ընդունիլ հաւատացեալները։ Եկեղեցիներու վնասները ինքնին մեծ հարց մը չեն յաչս երկրի մը որ չորս երկար տարիներէ ի վեր թիրախ է զինեալ ընդհարումի եւ որուն հետեւանքով աւելի քան 220 հազար հոգիներ սպաննուած են։
Գերապայծառ Միրիաթեան սրտի խոր կսկիծով յայտնեց թէ ''ի վիճակի չենք ըսել մնացէք'' ու հաստատեց թէ ''Մեր հաւատացեալներու երկու երրորդը (լուսաւորչական, կաթողիկէ, բողոքական) Հալէպէն հեռացած են''։ Մենք որպէս կրօնապետեր ի՞նչ ըսենք մեր ժողովուրդին։ Մնացէ՞ք, գացէ՞ք։ Շատ բարդ հարց մըն է եւ դժուար է պատասխան տալ այս հարցին։ Երկու տարի առաջ, մեր ժողովուրդին կ’ըսէինք տոկացէք, խաղաղութիւնը կը վերահաստատուի։ Այսօր ի վիճակի չենք նոյնը ըսելու, ընտրութիւնը անոնց կը թողունք, որովհետեւ մեծ վտանգի առջեւ կը գտնուին։
Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդը մատնանշեց ապա որ Հալէպ քաղաքին երկու երրորդը ընդդիմադիրներու ձեռքն է, որոնք դարձած են ահաբեկիչ։ Մնացածը կառավարական բանակին ձեռքն է։ Պատերազմը կը շարունակուի քաղաքին մէջ ու ռմբակոծումը կը շարունակուի երկու կողմերէն։ Բնակիչները կ’ուզեն փախչիլ, որովհետեւ կեանքի պայմանները զգալիօրէն վատթարացած են։ Քաղաքը ոչ ջուր, ոչ ելեկտրականութիւն ունի եւ ոչ ալ վառելանիւթ։ Ջուրը ու ելեկտրականութիւնը կը գտնուին ընդդիմադիրներու ձեռքը, երբ հաճին, մէկ ժամ կու տան։ Կ’ապրինք որպէս թէ բանակումի մէջ ըլլայինք ։ Մեր հաւատացեալներ Հալէպի մէջ գաղթականներ են իրենց տան մէջ։ Փախչիլ. Ու՞ր։ Իսլամական պետութեան զօրքը Հալէպի դուռը հասած է։ Բոլոր հաւատացեալները իրենց աչքին առջեւ ունին Մուսուլը,, Իրաքը` ուր 24 ժամուան մէջ իսլամական պետութիւնը մտաւ ու բոլոր քրիստոնեաները տեղահանութեան մատնեց։ Սակայն ու՞ր կ’ուղուին փախուստի ճամբայ առած քրիստոնեաները։ Հարց մը ունինք հարցին մէջ։ Այլ նախընտրութիւն մը չունին եթէ ոչ Թուրքիան։ Դուք գիտէք որ հայերը չեն կրնար եւ չեն ուզեր Թուրքիա վերադառնալ, որովհետեւ մէկ դար առաջ, 1915-ին թուրքերէն ջարդուեցան։ Հալէպի հայու մը համար անըմբռնելի է քաղաքը թողուլ Թուրքիա երթալու համար։ Յոյժ կարեւոր է մարդկայնական շտապ լուծումներ գտնել։ ՄԱԿի յատուկ նուիրակը Staffan de Mistura, ինչպէս նաեւ Sant’Egidio հասարակութիւնը խնդրած են հրադադար, որպէսզի կարողանան մարդկայնական օգնութիւններ ներմուծել։ Կը թուի որ առաջարկը ընդունուած է։ Մեր յոյսն է որ երկխօսութիւնը սկսի եւ բոլոր պատերազմողները կլոր սեղանի շրուջ նստին։ Ամէնքս սուրիացիներ ենք, հոն ծնած ու նոյն լեզուն կը խօսինք, ունինք միեւնոյն պատմութիւնն ու մշակոյթը։ Եւրոպայէն լքուած ենք – Սուրիոյ քրիստոնեաները որ այդ հողամասին մէջ կ’ապրէին նախքան իսլամութիւնը, իրենք զիրենք լքուած կը զգան Եւրոպայէն։ Անոնք կը յուսային որ Արեւմուտքը միջամտէ քաղաքա-դիւանագիտական մակարդակի վրայ ու պարտադրէ երկխօսութիւնը կառավարութեան ու ընդդիմադիր խումբերու միջեւ, վճռական որոշումի մը հասնելու նպատակով։
Գերապայծառ Միրիաթեան, հայցեց ապա Իտալիոյ ու Եւրոպայի այլ երկիրներու օգնութիւնը որպէսզի մէկ կողմէն օգնեն շրջանի քրիստոնեաները իրենց հայրենիքին մէջ մնալու համար ու միաժամանակ քաղաքական ապաստանեալի անցագիր շնորհեն հարստահարուած ու պանդխտութեան ճամբան առած սուրիացիներուն, որպէսզի չիյնան մարդկային էակներու վաճառականներու ձեռքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.