2015-02-21 11:46:16

Մեծ Եղեռնի 100-րդ տարելիցին շուքին տակ։


Նախորդիւ անդրադարձած էինք Հ. Ռույսէնի կոտորածներու եւ եղեռնի նուիրուած երկասիրութեան՝ հիմնուած Վատիկանեան դիւաններու փաստաթուղթերու վրայ։
Առաջին հատորը, որուն տիտղոսն է «Սուրբ Աթոռը եւ Հայերու կոտորածները 1894-1896», հրատարակուած է 2012ին։
Այս հատորը կը բովանդակէ հետեւեալ նիւթերը՝
«1894-1895ի Սասունի կոտորածները» (էջ 16-80)
«Սուրբ Աթոռի միջնորդութիւնը՝ տագնապի մէջ, եւրոպական ուժերու միասնական կեցուածքի բացակայութիւնը եւ նոր կոտորածներ՝ 1895-1896» (էջ 81-190)
«Լեւոն ԺԳ. Քահանայապետի նամակը սուլթանին, հայկական տագնապի ծանրացումը եւ եւրոպական ուժերու անտարբերութիւնը՝ 1896-1898» (էջ 191-259)
Յաւելուած՝ «Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ դիմագիծը Օսմանեան կայսրութեան մէջ կոտորածներու նախօրեակին» (էջ 266-270)
Այս հատորէն յառաջ կը բերենք Լեւոն ԺԳ. Քահանայապետի նամակին հետ առընչուած քանի մը կէտեր։
1896ին Քահանայապետին նուիրակը՝ Մ ոնսինիոր Պոնեթթի՝ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Րամբոլլայի տեղեկագիր մը կʼուղարկէ Սուլթան Համիտ Բ.ի հետ ունեցած իր հանդիպումի մասին։ Հոն Պոնեթթի կը տեղեկացնէ թէ հանդիպման աւարտին սուլթանը հարց կու տայ Պոնեթթիի՝ թէ ի՛նչ նուէր կարելի է ուղարկել Սրբազան Քահանայապետին. նուէր մը՝ որ հաճելի ըլլար նորին սրբազնութեան։ Պոնեթթի շփոթութեան պահ մը կʼապրի, ապա դիւանագիտական նրբութեամբ կը պատասխանէ՝ թէ Սրբազան Քահանայապետին համար թանկարժէք պարգեւ մը պիտի ըլլար Կայսրութեան բոլոր հպատակներու խաղաղութիւնը եւ բարգաւաճումը։
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պատրիարք Ստեփանոս Պետրոս Ժ. Ազարեան իր կարգին՝ Սուրբ Աթոռը միշտ տեղեակ պահած էր կոտորածներու եւ հալածանքներու մասին։
Լեւոն ԺԳ. Քահանայապետ՝ հիմնուած իրեն տրուած տեղեկութիւններուն վրայ 20 Յունիս 1896 թուակիր նամակ մը կʼուղարկէ Սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ.ին։ Նամակին բովանդակութիւնը հիմնականին կʼանդրադառնայ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ քրիստոնէական հաւատքը դաւանելու ազատութեան կաշկանդումներուն եւ քրիստոնեաներու դէմ կատարուած ոճրային արարքներու։ Լեւոն ԺԳ. Պապ կը գրէ՝ «Չենք կրնար ծածկել մեր ցաւալի տպաւորութիւնը, տեղեկանալով կայսրութեան զանազան նահանգներու մէջ ի վնաս քրիստոնեաներու կատարուած դէպքերուն, ի տես զոհերու մեծ թիւին եւ ողբերգութեան, որուն տակ ընտանիքները կը հեծծեն, եւ նոր խանգարումներու հեռանկարի մտահոգութեամբ։»
Նամակին մէջ Սրբազան Քահանայապետը կը խնդրէ սուլթանէն հոգ տանիլ բարելաւելու քրիստոնեաներու վիճակը կայսրութեան սահմաններէն ներս, եւ արտօնել քրիստոնեաներուն ազատօրէն դաւանելու իրենց հաւատքը։
Մոնսինիոր Պոնեթթի նամակը կը յանձնէ ուղղակի սուլթանին ձեռքը, որուն հետեւանքով՝ սուլթանին առաջին քարտուղար՝ Իզզէթ Պէյի կողմէ ուժեղ պարսաւանքի կʼենթարկուի։ Իզզէթ Պէյ իր կարգին՝ իր տուած տեղեկագրին մէջ կը գրէ՝ թէ եթէ սկիզբէն ծանօթ ըլլար նամակի բովանդակութեան, զայն երբեք պիտի չյանձնէր սուլթանին։ Առաջին քարտուղարը անդրադառնալով Սրբազան Քահանայապետի նամակին՝ կը մեղադրէ զայն ըսելով՝ կը թուի թէ Սրբազան Քահանայապետը Փոքր Ասիոյ տարածքին կատարուած ծայրայեղութիւնները՝ իսլամներուն կը վերագրէ եւ ոչ հարցերու գրգռիչներուն։ Իզզէթ Պէյ կը յանդգնի անամօթաբար Սրբազան Քահանայապետին վերագրել պատրանք, եւ կը գրէ՝ թէ աշխարհի մէջ չկայ երկիր մը, ուր կրօնական ազատութիւնը աւելի մեծ ըլլայ քան Օսմանեան Կայսրութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.