2015-02-21 12:36:13

Կիրակի օրուայ Աւետարանական ընթերցում Մատթ. 6, 1-21


16 “Ահա՛ կը ղրկեմ ձեզ իբր ոչխարներ` գայլերու մէջ. ուրեմն խորագէ՛տ եղէք օձերու պէս, եւ աննենգ` աղաւնիներու պէս:
17 Իսկ զգուշացէ՛ք մարդոցմէ. որովհետեւ ատեաններու պիտի մատնեն ձեզ, ու պիտի խարազանեն ձեզ իրենց ժողովարաններուն մէջ:
18 Կառավարիչներու եւ թագաւորներու առջեւ պիտի տարուիք` իմ պատճառովս, իբր վկայութիւն անոնց ու *հեթանոսներուն:
19 Բայց երբ մատնեն ձեզ, մի՛ մտահոգուիք թէ ի՛նչպէս կամ ի՛նչ պիտի խօսիք, որովհետեւ ինչ որ պիտի խօսիք` պիտի տրուի ձեզի այդ ժամուն:
20 Որովհետեւ ո՛չ թէ դուք էք որ պիտի խօսիք, հապա ձեր Հօր Հոգին` որ պիտի խօսի ձեր մէջ:
21 Եղբայրը մահուան պիտի մատնէ իր եղբայրը, եւ հայրը` զաւակը. ու զաւակներ պիտի ելլեն [իրենց] ծնողներուն դէմ եւ մեռցնեն զանոնք:
22 Բոլորին ատելի պիտի ըլլաք իմ անունիս համար. բայց ո՛վ որ տոկայ մինչեւ վախճանը, անիկա՛ պիտի փրկուի:







All the contents on this site are copyrighted ©.