2015-02-21 10:59:23

Եւրոպական Քարիթասի դատումով աղքատութեան ու անհաւասարութեան աճումը հետեւանքն է սխալ քաղաքականութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Եւրոպային մէջ աղքատութիւնը ու անհաւասարութիւնը յարաճուն աճումի մէջ են, աւելի հաւասարակշիռ օրինակներու կարիքը կայ'', յայտարարեց Եւրոպայի Քարիթասը (եկեղեցական բարեսիրական մարմին մը որ կը գործէ ցամաքամասի 46 երկիրներու մէջ), որ հինգշաբթի օրը մամուլին ներկայացուց իր երրորդ տեղեկագիրը հայող` տնտեսական տագնապի հետեւանքին Եւրոպական միութեան եօթը երկիրներու մէջ` Յունաստան, Ռումանիա, Սպանիա, Փորթուկալ, Կիպրոս, Իրլանտա, ներառեալ Իտալիա։ Վերոյիշեալ երկիրներու դիւրաբեկ տնտեսութեան հետեւանքով զգալի է. գործազրկումը, աղքատութիւնը եւ ընկերային անկայունութիւնը։ Այդ երկիրներու քաղաքացիներու մէկ երրորդը աղքատ է, 16 տոկոսը գործազուրկ է։








All the contents on this site are copyrighted ©.