2015-02-21 12:36:17

Արտաքսումն ադամայ ի դրախտէն


Պահքի քառասնորդաց շրջանի երկրորդ կիրակին էք: Անցեալ Կիրակի յիշատակեցինք բուն Բարեկենդանը: Բուն Բարեկենդանը իր կրօնական իմաստով մեզի կը յիշեցնէ մարդկային առաջին երջանկութիւնը, այսինքն` Ադամի եւ Եւայի դրախտային կեանքը:
Մեծ պահոց երկրորդ կիրակին կը կոչուի Արտաքսման կիրակի, որ յիշատակն է մեր նախածնողներուն` Ադամ եւ Եւայի դրախտային երջանիկ կեանքի` Եդեմի պարտէզէն արտաքսուելուն, որպէս հետեւանք իրենց անհնազանդութեան Աստուծոյ պատուիրանին, եւ որպէս արդիւնք իրենց շահախանդիր հետաքրքրութեան: Սահմանափակ հետաքրրքութիւնը հաճելի է մանաւանդ երբ կը հայի մեր միտքը զարգացնելու, մեր կեանքի տեսլականը եւ հորիզոնները բանալու. բայց հետաքրքրութիւնը մեծ մասամբ վնասակար է, սպաննիչ է: (La curiositՈ uccide il gatto): Ֆրաչիսկոս Քահանայապետը կ՛ըսէ. «հետաքրքրութեան հոգին մեզ կը հեռացնէ Աստուծոյ իմաստութենէն եւ խաղաղութենէն»: Հետաքրքրութիւնը սպաննիչ է երբ մենք մեզ կը բախդատենք ուրիշներու հետ, կ՛ապրինք ուրիշներուն համար: Ի՞նչ կը մտածեն իմ մասիս: Ինչո՞ւ այսպէս խօսեցաւ իմ մասիս: Ինչո՞ւ սիրտը չի բանար ինծի: Ինչո՞ւ չի վստաիր ինծի: Կամ ալ Քրիստոս ի՞նչ կը գրէր աւազին վրայ, երբ հանդիպեցաւ մեղաւոր կնկան եւ այլն:
Եթէ Ադամ եւ Եւան Աստուծոյ կամքին անհնազութեան եւ ինքնարդարացման պատճառաւ արտաքսուեցան եւ հեռացուեցան դրախտային երջանկութենէն, հապա այսօրուայ աւետարանը կը սահմանէ այն գլխաւոր մեղքերն ու պատուիրանները, որոնք մեզ ոչ միայն կրնան հեռացնել երկնքի արքայութենէն, այլ մեր մարմինները գեհենի անշէջ կրակի մէջ նետել:
Առաջին արարքը որմէ պէտք է զգուշանալ սպաննութիւնն է: Խօսքով սպաննել, չարախօսել կամ զրպարտել մարդիկը: Լեզուն փոքրաքոյն անդամն է մարմնի, բայց երբ իր գործը տեսնէ, կ՛ըսէ Յակոբ առաքեալ, թոյն կը դառնայ, բոցավառ կրակ, սուր...: Լեզուն չի կրնար թէ՛ մարդիկը գովել թէ՛ զիրենք անիծել, թէ՛ զԱստուած փառաբանել եւ թէ՛ մարդոց մասին չարախօսել:
Եթէ մարդ արարած շատ կը դժուարի սանցահարելու մարմնի այս փոքր անդամը հապա ինչպէս պիտի կարենայ զսպել եւ իշխել ամբողջ մարմինին վրայ: Եւ ահաւասիկ Քրիստոս կը խօսի մարմնի եւ հոգիին մեծագոյն մեղքի հանդիսացող անդամին մասին, որ է աչքը: Եթէ լեզուն մտքի եւ անձնաւորութեան թարգմանն է, հապա աչքը ամբողջ մարմնին ճրագն է: Եթէ այս ճրագը մարած է, ամբողջ մարմինը խաւարի մէջ կը բնակի: Եթէ ճրագը բարձր աշտարակի վրայ չէ դրուած, չի կրնար պէտք եղածին պէս լուսաւորել: Նոյպէս նաեւ աչքը եթէ չէ վարժուած բարձր, ազնիւ, մաքուր պատկերները տեսնելու, մարմինը միշտ խաւարի եւ մեղքի մէջ կ՛ըլլայ: Եթէ աչքը հիւանդ է, ամբողջ մարմինը հիւանդ կ՛ըլլայ:
Աչքը չէ միայն գայթակղութեան եւ մեղքի պատճառը այլ նաեւ մեր ձեռքերը: Մեր ձեռքերը մեղքի եւ գայթակղութեան պատճառ են երբ վարժ են միայն ստանալու, երբ միշտ երկարած կը մնան, մուռացկաններուն նման, որոնք չեն գոհանար գիչով: Մեր ձեռքերը գայթակղութեան առիթ են, երբ վարժ են ձեռնուելու եւ ողջունելու միայն այն մարդիկը, որոնք մեր փորերը կրնան կշտացնել, մեր ցանկութիւնները գոհացնել:
Թող այսօրուայ աւետարանը Մեծ Պահքի այս շրջանին ըլլայ մեզի կեանքի ուղղեցոյց: Սկսինք մեր զգայարանքները վարժեցնելու լաւին, բարիին, գեղեցիկին, մաքուրին, ճշմարիտին: Շատ չի մտահոգուինք ուրիշներու կեանքով: Աշխատինք մեր կեանքը փրկելու եւ սրբացնելու. Ամէն:







All the contents on this site are copyrighted ©.