Աշխարհի մէջ, ամէն տարի, աւելի քան եօթը հազար քրիստոնեաներ կը հալածուին։
(Ռատիօ Վատիկան) Աշխարհի մէջ, իրենց հաւատքին համար սպաննուածներու 80
տոկոսը քրիստոնեաներ են, յայտնած է “Integra” կազմակերպութիւնը որ կը զբաղի փախստականներով
ու գաղթականներով։ Կազմակերպութեան գնահատումով ամէն տարի, նուազագոյն, կը սպաննուին
7 հազար քրիստոնեաներ, աշխարհի մէջ, վերջին դէպքը կը հայի 21 ղպտիներու ջարդին։ Գերապայծառ
Լորէնցօ Լէուցցի` Հռոմի օգնական եպիսկոպոսը յայտարարած է որ կը գտնուինք համաշխարհայնացած
աշխարհի մը մէջ, որ տակաւին շատերէ ըմբռնուած չէ։ Պէտք է խնդրել մտաւորական ոյժերէն որ
այդ ուղղութեամբ շարժին։ Եկեղեցին Միջին Արեւելքի ու այլուր էական գործ կը կատարէ
օգնելու մարդիկը, պատշաճ ու արժանաւոր կեանք մը ապրելու, առանց խտրականութիւն դնելու
անոնց միջեւ։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ըսաւ որ Լիպիոյ ղպտիները ''գլխատուեցան պարզապէս
որովհետեւ քրիստոնեաներ էին'' եւ սակայն քրիստոնեաները մահմետական պետութիւններու մէջ
էական դեր մը ունեցած են ու միշտ սատարած երկիրներու բարգաւաճումին ու անոնց զարգացումին։