2015-02-19 12:16:16

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 19 փետրուարի քարոզը։


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը` Հինգշաբթի, 19 փետրուարի առաւօտեան Ս. Պատարագ մատուցանեց Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ եւ մեկնեց օրուան Ս. Գրքի ընթերցումներու պատգամը։
Սրբազան Պապը իր քարոզին մէջ ըսաւ՝ պէտք է կարենանք ճիշտ ընտրութիւն կատարել Աստուծոյ եւ չաստաուածներու միջեւ։՚ Չաստուածները մեզի տալիք չունին, անոնք միայն ժամանակաւոր առարկայիկներ են։ Ստէպ կը դժուարինք կատարել ուղիղ ընտրութիւն մը մեր կեանքին մէջ, որովհետեւ ընդհանրապէս միտումն ունինք թեքուելու այն ուղղութեամբ ուր զանգուածը կ`ընթանայ, կամ ինչպէս ուրիշները մեզի կը թելադրեն։ Եկեղեցին մեզի կոչ կ`ուղղէ՝ ''կանգ առ եւ ընտրութիւն կատարէ''։ Մեզի համար մեծ բարիք պիտի ըլլայ, եթէ այս օրուան ընթացքին կանգ առնենք եւ լրջօրէն մտածենք՝ ի՞նչպէս է ապրելակերպս, ո՞րն է վարքագիծս։
Փնտռել ու ճանչնալ միայն անձնական յաջողութիւնը, անձնական բարիքը՝ առանց մտածելու Տիրոջ մասին, առանց մտածելու ընտանիքի մասին՝ կեանքի սխալ ճանապարհն է։ Մենք մեզի ուղղենք այս երկու հարցերը՝ ''ի՞նչպէս է իմ յարաբերութիւնս Աստուծոյ հետ. ի՞նչպէս է իմ յարաբերութիւնս ընտանիքիս հետ''։՚ Անհատ մը կրնայ ամէն ինչ շահիլ, սակայն բոլոր շահը ապա կը վերածուի ձախողանքի։ Շահադիտութեամբ լեցուած կեանք մը՝ ձախողած կեանք մըն է։ Անձի մը արձանը կը կանգնենք եւ զինք պաստառի վրայ կը ներկայացնենք – եւ սակայն այդ անձին կեանքը լոկ ձախողանք կրնայ ըլլալ՝ որովհետեւ ճիշտ ընտրութիւն չէ կատարած կեանքի եւ մահուան միջեւ։
ՙԵրանելի է այն անձը որ Տիրոջ վրայ կը դնէ իր յոյսը։՚ Երբ Տէրը մեզ կը խրատէ կանգ առնել եւ ճիշտ ընտրութիւն ընել՝ մեզ առանձին չի թողուր, միշտ մեր հետն է, մեզի կ`օգնէ եւ մեր կողքին կը քալէ։ Մեզի կը մնայ վստահիլ Իրեն եւ յուսալ Իր վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.