2015-02-19 09:26:07

Ս. Երկրի Պէյթ Ժալալի մէջ հիմնաքարը զետեղուեցաւ ‘’ֆրանչիսկոս Քահանայապետ’’ կոչուած երիտասարդական կեդրոնին։


(Ռատիօ Վատիկան) Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարքը` գերերջանիկ Ֆուատ Թուալ, 17 փետրուարին, օրհնեց ‘’ֆրանչիսկոս Քահանայապետ’’ երիտասարդական կեդրոնին հիմնաքարը։ Կեդրոնը կը գտնուի Պէյթ Ժալալ` Բեթղեհէմէն երկու քմ հեռաւորութեան վրայ։ Ծրագիրին նպատակն է ի մի ժողովել տեղացի ու դուրսէն եկած երիտասարդները։ Կեդրոնը պիտի ունենայ 56 սենեակներ ուխտաւոր երիտասարդներուն համար։ Այս կառոյցը աշխատանքի աղբիւր պիտի դառնայ Պէյթ Ժալալի քրիստոնեայ երիտասարդներուն։ Շինարարութիւնը պիտի աւարտի 2015-ին վերջաւորութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.