Գանատայի մէջ քառասնորդացի քարոզութիւն աշխարհի անօթութեան դէմ։
(Ռատիօ Վատիկան) Գանատայի եկեղեցին 2015-ի քառասնորդացին համար ընտրած
է որպէս բնաբան ''քարոզութիւն աշխարհի անօթութեան դէմ` մարդկային մէկ ցեղ, բոլորին ուտելիք''։
Եպիսկոպոսները կը հրաւիրեն հաւատացեալները ապրիլ հաւատքը կիսելով արարչագործութեան առատութիւնը
մարդկային համայն ցեղին հետ։ Եպիսկոպոսները կը խնդրեն ներգործել աղքատութեան ու անարդարութեան
ճշմարիտ դրդապատճառներուն դէմ, մատնանշելով որ աւելի քան մէկ միլիառ անհատ անօթութենէ
կը տառապի։ Եպիսկոպոսները կը մատնանշեն թէ բաւարար չէ կիսել նիւթական բարիքները ընչազուրկներու
հետ այլ հարկաւորէ նաեւ հաւատք ու սէր սերմանել մեր սրտերու մէջ։