2015-02-19 09:15:05

Անգլիոյ եկեղեցին բանտարկեալներուն աղօթագիրքեր կը նուիրէ։


(Ռատիօ Վատիկան) Անգլիոյ կաթողիկէ եկեղեցին, անցեալ կիրակի օր` պատարագ մատուցանելով բանտարկեալներու դիտաւորութեան, կաթողիկէ բանտարկեալներուն նուիրեց աղօթագիրք մը, որուն վերնագիրն է. ‘’Առաւօտեան ու երեկոյեան աղօթքներ բանտարկեալին համար’’։
Գերապայծառ Ռիչարտ Մոնս` բանտարկեալներու հոգեւոր պատասխանատուն, մամուլին հետ ունեցած ելոյթով ըսաւ. ''Աղօթքը կը գերազանցէ զնտանին պատը, աղօթքով բանտարկեալը դուրս կու գայ իր խուցէն, իր ձայնը կը միանայ վանականին, ճգնաւորին, կրօնաւորուհիին ու համայն հաւատացեալներու հոյլին։ Աղօթքով սիրտը կը խաղաղի ու անոր շնորհիւ կարելի կ’ըլլայ լսել Աստուծոյ ձայնը''։
Նշենք որ կաթողիկէ բանտարկեալները մեծ սիրով ընդունեցան աղօթագիրքի պարգեւը եւ յայտնեցին թէ ինչպէս աղօթքը ամրացուց իրենց հոգին ու սփոփեց անոնց սիրտը դժուարութեան ու տրտմութեան պահերուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.