2015-02-19 09:09:31

Այսօր Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան օրն է՝ գիրք նուիրելու աւանդական տօն։


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Վերջին տասը տարուան ընթացքին Յովհաննէս Թումանեանի ծն-նդեան օրուան նուիրուած Գիրք նուիրելու տօնը դարձաւ մեր հանրապետութեան լաւագոյն տօներէն մէկը: Հայ մեծ գրողին ծննդեան օրուան առիթով աւանդութիւն դարձած Գիրք նուիրելու օրուան ընդառաջ այս յայտարարութիւնը կատարած է Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեանը:
«Շարունակելով պահպանել տօնական տրամադրութիւնը՝ մարդկանց գիրք նուիրելիս, մենք լաւագոյն կերպով կը յարգենք Յովհաննէս Թումանեանի յիշատակը՝ մեր մեծերից մէկի, ով իր ամբողջ կեանքը ոչ միայն գիրք ստեղծեց, այլ նաեւ իր բանաւոր զրոյցներով, իր գործունէութեամբ նպաստեց մեր հայութեան ոգու թրծմանը, մեր գրականութեան ու մշակոյթի տարածմանը, մեր մեծերի գնահատմանը», ըսած է Էդուարդ Միլիտոնեան: Գրողներու միութեան նախագահը նշած է, որ կարեւոր է ժողովուրդը նաեւ ճանչնայ մեր այսօրուան գրողները, կարդայ անոնց աշխատանքները եւ հաւատայ, որ մեր ժողովուրդի գրական հոգին այնպիսի լիցքեր ունի, որ պիտի տարածուին անկախ խոչընդոտներէ: «Գիրք նուիրելու օրուայ հետ մէկտեղ պէտք է փոխանցել Թումանեանի ստեղծած Վերնատան ամբողջ խորհուրդը: Գիրք նուիրենք իրար, չսպասենք, որ մեզ նուիրեն, այլ մենք առաջինը նուիրենք այն: Լաւագոյնը, որ աշխարհում առաջինը ստեղծուել է, դա բանն է՝ այն ինչ մենք իրար պէտք է ցանկանանք բանաւոր, բանաստեղծութեան ձեւով, գրի ձեւով, որը մնալու է ինչպէս տպագիր, այնպէս էլ տարբեր կրիչների վրայ», նկատել տուած է Միլիտոնեան:
«Մարդկանց մաղթում եմ, որպէսզի վերադառնան դէպի գրականութիւն, եւ աւելանայ ընթերցողների քանակը, ինչպիսին այն եղել էր նախկինում, երբ գրքի 20-30 հազար տպագիր օրինակները սպառւում էին մի քանի օրում: Գիրք նուիրելով իրար, պայծառ պահելով Յովհաննէս Թումանեանի եւ բոլոր այլ մեծերի յիշատակը՝ մենք պէտք է վերստին ապրեցնենք գիրը մեր ընթերցմամբ, մեր գեղեցիկ վարք ու բարքով, մեր բարեկրթութեամբ, երկիրը սիրելու ու պահպանելու ջանքերով», ըսած է Էդուարդ Միլիտոնեան:
Գիրք նուիրելու օրուան առթիւ մայրաքաղաքի քաղաքապետարանի կրթութեան եւ գիտութեան վարչութեան հետ համատեղ տարբեր դպրոցներու մէջ պիտի կազմակերպուին հանդիպումներ արձակագիրներու, բանաստեղծներու, մանկագիրներու եւ գրականագէտներու հետ: Ինչպէս նաեւ ձեռնարկներ պիտի կայանան Գիւմրիի, Նոյեմբերեանի, Լոռիի, Արմաւիրի, Արարատի մէջ եւ այլուր:








All the contents on this site are copyrighted ©.