2015-02-18 11:48:39

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հանդիպումը Իտալական ծովափի ուժերու
պատուիրակութեան մը հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 17 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 7.00 ին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ ընդունեց Իտալական ծովափի ուժերու պատուիրակութիւն մը, որոնք օգնութեան հասած են Իտալիոյ հարաւային շրջանը գտնուող՝ Լամփէտուզա կղզի ժամանող գաղթականներուն։
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նախարարութեան 8 անդամներ, ընկերակցութեամբ Իտալիոյ փոխադրական միջոցներու եւ շինարարական գործերու նախարար՝ ''Մաուրիցիոյ Լուփիի''։
Հանդիպումի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապը անոնց ուղղած խօսքին մէջ իր երախտագիտութիւնն ու գոհանակութիւնը յայտնեց անոնց՝ քաջութեամբ եւ անձնուիրութեամբ գործած, արագահաս օգնութեան, ի սպաս փախստական աղքատներուն։
''Ես կը հիանամ ձեր վրայ, իսկապէս, ինքզինքս փոքր կը զգամ` ձեր կեանքը վտանգելով կատարած գործին դիմաց, ու ասոր համար սրտանց շնորհակալ եմ ձեզի։ Ձեզի թիկունք կը կանգնիմ կարողութիւններուս համեմատ` աղօթքով, բարի խօսքերով եւ սիրով'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։








All the contents on this site are copyrighted ©.