2015-02-18 09:41:36

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը գլխաւորէ օր մոխրոցի արարողութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 18 փետրուար 2015ին, օր մոխրոց է ըստ լատինաց եւ սկիզբ քառասնորդաց շրջանին։
Այս առթիւ` Հռոմի Ավէնթինօ շրջանի, Ե. դարուն կառուցուած` Սանթա Սապինա կոչուած Տաճարին մէջ, յետմիջօրէի ժամը 4.30-ին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, կը նախագահէ Մոխրոց օրուայ արարողութիւնը որուն կը յաջորդէ` Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը հուսկ` մոխրոց օրհնութեան արարողութիւն։
Արարողութեան սկիզբը տեղի կ՛ունենայ ''ապաշխարութեան թափօր'' որ սկիզբ կ՛առնէ Սանդ Անսելմօ եկեղեցիէն ուղղուելով դէպի Սանթա Սապինայի պազիլիքայ, որուն կը մասնակցին Կարդինալական եւ եպիսկոպոսական դասի անդամներ, երկու եկեղեցիներու կրօնաւոր Միաբանութիւններու` Պենետիկտեան եւ Տոմինիքեան հայրերը ու խումբ մը աշխարհական հաւատացեալներ։
''Ապաշխարութեան թափօրի'' աւարտին, Սանթա Սապինայի տաճարին մէջ, Նորին Սրբութիւնը կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը որուն ընթացքին կը կատարէ նաեւ մոխրոց օրհնութիւնը որ հաւատացեալներուն կը յիշեցնէ՝ երկրաւոր բարիքներուն ունայն եւ անցողակի բնոյթը, ու թէ մարդ ''հող է եւ հող պիտի դառնայ''։
Սուրբ Արարողութիւններու աւարտին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Վատիկան կը վերադառնայ։
Լատին Եկեղեցւոյ համար Մեծ Պահքի տեւողութիւնը 40 օր է։ Այս շրջանը հաստատուած է որպէս պատրաստութիւն Քրիստոսի չարչարանքի, խաչելութեան, մահուան ու փառաւոր Յարութեան տօնակատարութիւններուն։ Մեծ Պահքին ընթացքին, հաւատացեալը հրաւիրուած է ապրելու այս շրջանը աղօթքով, ծոմապահութեամբ եւ ողորմածութիւն կատարելով։








All the contents on this site are copyrighted ©.