2015-02-18 13:30:04

Հաղորդագրութիւն. ''Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի աղօթքը Ղպտի քրիստոնեաներուն ի նպաստ''։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի` 17 փետրուար 2015-ին, Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի անդամները, իրենց գումարած սովորական տարեկան նիստի ընթացքին, ի ներկայութեան` Ղպտի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պատրիարք` գերերջանիկ Իպրահիմ Սիտրաքին, հրատարակեցին հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ յայտնեցին իրենց միութիւնը Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին յղած ցաւակցական պատգամին Թաուատրոս Բ Պատրիարքին եւ եգիպտացի համայն ժողովուրդին, Ղպտի հաւատացեալներու բարբարոսական սպանութեան առթիւ` Լիպիոյ մէջ։
''Մինչ Տիրոջ կը յանձնենք ննջեցեալներուն հոգիները եւ կ՛աղօթենք անոնց ընտանիքներու մխիթարութեան համար, կը հայցենք Ամենասուրբ Աստուածամօր բարեխօսութիւնը, խաղաղութեան թագուհի, որպէսզի ընդունի բռնաբարներուն սրտի ապաշխարութիւնը, եւ իմաստուն որոշումներ յարուցէ Ազգերու հասարակութեան ներքոյ, ու Միջին Արեւելքի եւ Ուկրանիոյ ժողովուրդներուն պարգեւէ համերաշխութիւնը եւ անդորր համակեցութիւն ու տեսողական խաղաղութիւն'' կը կարդանք Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ։
Յայտնենք որ ժողովին մասնակցեցաւ նաեւ Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ` Տէր Ներսէս Պետրոս, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս - Պատրիարքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.