Եգիպտոսի նախագահը Լիպիոյ մէջ միջազգային միջամտութեան որոշում կը պահանջէ.
ՄԱԿ-ի ` Ապահովութեան Խորհուրդը այսօր կը գումարէ Լիպիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի
արտակարգ նիստ մը։ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը այսօր կը գումարէ արտակարգ նիստ մը`
քննարկելու Լիպիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի կարելիութիւնները: Եգիպտոսի արտաքին
գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, որ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար
Սամեհ Շուքրի երէկ արշալոյսին ուղղուած է Նիւ Եորք` Լիպիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ քայլեր
առնելու գծով միջազգային աջակցութիւն ապահովելու ջանքով մը:
Շուքրի Նիւ Եորքի
մէջ նախապատրաստական խորհրդակցութիւններ պիտի ունենայ ՄԱԿ-ի մէջ Սէուտական Արաբիոյ, Յորդանանի,
Պահրէյնի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպաններուն հետ` Ապահովութեան խորհուրդի
նիստին նախապատրաստուելու ծիրին մէջ ռազմավարութիւն մը որդեգրելու համար:
Միւս
կողմէ, Եգիպտոսի նախագահը երէկ ֆրանսական «Էօրոփ» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի
մը ընթացքին Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղեց` որդեգրելու որոշում մը, որ Լիպիոյ մէջ
զինուորական միջամտութիւն կատարելու համար միջազգային դաշինքի մը կազմութեան լիազօրութիւն
կու տայ: Ան ըսաւ, որ Լիպիոյ ժողովուրդին եւ կառավարութեան համաձայնութեամբ, ինչպէս նաեւ
անոնց կողմէ Եգիպտոսին ուղղուած միջամտելու կոչերուն լոյսին տակ այլընտրանք մը գոյութիւն
չունի:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Եգիպտոս դարձեալ Լիպիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը
պիտի հարուածէ՞` Սիսի ըսաւ, որ կացութիւնը կը պահանջէ այդ մէկը կատարել, եւ այդ ալ` հաւաքական
կերպով:
Մինչ այդ, ըստ մամլոյ տեղեկութեանց, եգիպտական ու լիպիական պատերազմական
օդանաւեր Արեւելեան Լիպիոյ Տառնա քաղաքին մէջ դարձեալ հարուածած են ՏԱՀԵՇ-ի դիրքերը`
ահաբեկչական խմբաւորման շարքերուն մէջ պատճառելով տասնեակներով մահեր:
Լիպիական
օդուժի հրամանատար գնդապետ-զօրավար Սաքըր Ժարուշի յայտնեց, որ, ըստ վերջին տուեալներուն,
եգիպտական ու լիպիական պատերազմական օդանաւերուն նախապէս կատարած հարուածները ՏԱՀԵՇ-ի
շարքերուն մէջ 150 մահ պատճառած են: