2015-02-17 12:51:24

Ֆրանչիսկոս քահանայապետի 2015-ի Երիտասարդներու համաշխարհային 30-րդ օրուայ պատգամը։


''Երանի անոնց որ սրտով սուրբ են, որովհետեւ Աստուած պիտի տեսնեն (Մատթ 5,8)
(Ռատիօ Վատիկան) ''Երանի'' բառը, գրեց Ֆրանչիսկոս Պապը իր պատգամին մէջ, կը նշանակէ երջանկութիւն, եւ այս բառը ինը անգամ կը կրկնուի Յիսուսի այս լեռան քարոզի մէջ, ու մեզի կը յիշեցնէ Տիրոջ կոչը Իր հետ միասին կիսելու ճանապարհը, որ հակառակ բոլոր խոչընդոտներուն, մեզ կը տանի դէպի իսկական երջանկութիւնը։

Այո՛ սիրելի երիտասարդներ, գրեց Ֆրանչիկսոս Պապը, երջանկութեան փնտռտուքի իղձը հաւասար է ամէն ժամանակներու եւ ամէն տարիքի մարդոց համար։ Աստուած ամէն մէկ անհատի սրտին մէջ դրաւ իղձը երջանկութեան եւ լիութեան։ ''Չէ՞ք նկատեր թէ ձեր սրտերը յարատեւ կը փնտռեն երջանկութիւնն ու բարիքը, որ կարող են յագեցնել ձեր այդ անհուն ծարաւը'' հարց տուաւ Սրբազան Հայրը ու մատնանշեց Ծննդոց գիրքի մէջ նշուած երջանկութեան` որուն կանչուած ենք, այն է` Աստուծոյ հետ լիակատար հաղորդութիւնը եւ հաղորդութիւնը ուրիշներուն, բնութեան ու մենք մեր անձին հետ։
Աստուծոյ հետ հանդիպումը ի սկզբանէ ներկայ էր Աստուծոյ` մարդկութեան վերապահուած ծրագիրին մէջ, եւ երբ մարդը խզեց Աստուծոյ հետ վստահութեան յարաբերութիւնը, պատմութեան մէջ մուտք գործեց մեղքը եւ անոր հետեւանքները շուտով սկսան յայտնաբերուիլ ու այդ պահէն սկսեալ Աստուծոյ ուղղակի ներկայութիւնը անկարելի դարձաւ ու մարդը սկսաւ պահուըտիլ իր մերկութեան ամօթի պատճառաւ։
Յիսուսի մէջ Աստուած ընդգրկեց մարդկային դիմագիծը։ Անոր մարդեղութեամբ, կեանքով, մահով եւ յարութեամբ, Ան մեզ փրկեց չարէն ու մեզի բացաւ նոր եւ անիմաց հորիզոններ։
Այսպէսով, Քրիստոսի մէջն է որ կը գտնուի ձեր բարութեան եւ երջանկութեան երազանքներու լիութիւնը։ Ան է միակը որ կրնայ ձեր սպասումներուն համապատասխանել։ Ինչպէս կ՛ըսէր Յովհաննէս Պօղոս Բ սուրբ քահանայապետը­, Թոր Վերկաթայի մէջ տեղի ունեցած հսկումի աղօթքի ընթացքին, 19 օգոստոս 2000-ին` ''Ան է գեղեցկութիւնը որ ձեզ կը հրապուրէ, Ան է որ ձեզ կը մղէ կեանքը կեղծող դիմակը վառ առնելու, Ան է որ կը ճանչնայ սրտերը ու ձեր մէջ կը յարուցէ իղձը ձեր կեանքին մէջ վեհանձն գործեր իրականացնելու''։
Երանի անոնց որ սրտով սուրբ են.....
Հրէական մշակոյթին համար սիրտ բառը` զգացումներու, մտածողութեան եւ մարդկային դիտաւորութիւնները կեդրոնն է։ Սուրբ գիրքը մեզի կը սորվեցնէ թէ Աստուած չի նայիր արտաքին երեւոյթներուն այլ սրտին, առ այդ մեր սիրտէն մեկնելով է որ կրնանք տեսնել զԱստուած։ Երջանկութիւնը կը բխի մաքուր սրտէ մը – գրեց Քահանայապետը – ու յորդորեց ունենալ մաքուր եւ անբիծ սիրտ մը, կազմել ուղիղ խիղճ մը որ կարող է ըմբոշխնել Աստուծոյ կամքը։

Սրբազան Քահանայապետը ապա մատնանշեց այն գանձերուն որոնք կը գտնուին երիտասարդներու սրտին մէջ, որոնք կրնան ըլլալ բարի կամ չար, սակայն - յորդորեց Ան - դուք թոյլ մի տաք որ չարը յաղթահարէ. Մի վախնաք դիմելու իսկական սիրոյն, այն սիրոյն որ մեզի կը սորվեցնէ Յիսուսը եւ որ սուրբ Պօղոս կը նկարագրէ այսպէս` ''Սէրը համբերող է, սերը ծառայասէր է եւ չի նախանձիր, սէրը չի պարծենար, չի հպարտանար, չի յանդգնիր։ Սէրը սեփական շահը չի փնտռեր, չի գրգռուիր, չի չարախօսեր, անիրաւութեան մէջ չի հրճուիր, կը խայտայ ուրախութեան մէջ։ Սէրը կ՛արդարացնէ ամէն բան, կը հաւատայ, կը վստահի ամէն խոստումի, կը համբերէ ամէն բանի, Սէրը յաւերժական է (Կորն 13, 4-8)։
Սիրելի երիտասարդներ անցողական եւ յարաբերականի մշակոյթի այս ժամանակի մէջ, շատեր կը քարոզեն թէ կարեւորը պահը ''վայելելն'' է եւ թէ չարժէր յանձնառու ըլլալ կեանքի ընթացքին ու մշտնջենաւոր որոշումներու յանգիլ, մինչ ես ձեզմէ կը խնդրեմ ըլլալ յեղափոխական. Ընթանալ հակահոսանք. Ըմբոստանալ այս այժմէականի մշակոյթին որ կը կարծէ թէ դուք անկարող էք պատասխանատուութիւններ յանձն առնելու եւ թէ դուք կարող չէք իսկական կերպով սիրել։ Ես ձեր վրայ մեծ վստահութիւն ունիմ ու կ՛աղօթեմ ձեզի համար։ Քաջութիւնը ունեցէք հակահոսանք ընթանալու եւ քաջութիւնն ունեցէք ըլլալու երջանիկ։ Եկեղեցւոյ հարուստ վարդապետութիւնը ուսումնասիրելով պիտի հասկնաք թէ հոն կայ կեանքի ծրագիր մը որ կարող է մեր սրտերը հրապուրել.

Որովհետեւ Աստուած պիտի տեսնեն....
Ամէն մարդու եւ կնոջ սրտին մէջ կը հնչէ Տիրոջ հրաւէրը` փնտռեցէք իմ դիմագիծս։ Տիրոջ այս հրաւէրը ուղղուած է ամէն մէկուն, բաւարար է որոշում առնել ու թոյլ տալ որ Ան մեզի հանդիպի, զայն փնտռել ամէն օր յարատեւ։
Այո սիրելի երիտասարդներ Տէրը կ՛ուզէ մեզի հանդիպիլ ու մեզի ցոյց տալ իր դիմագիծը, ասոր համար կը յորդորեմ ձեզ Տիրոջ հանդիպելու Սուրբ Գրային ընթերցումներուն ընդմէջէն։ Անոր հանդիպելու աղօթքի մէջ` որպէսզի այնպէս ինչպէս պատահեցաւ Եմմաւուսի աշակերտներուն, Յիսուս բանայ նաեւ ձեր աչքերն ու սրտերը ճանչնալու համար Անոր սէրը։

Դէպի Քրաքովիա։
Իր պատգամին աւարտին, Սրբազան Հայրը շեշտեց ապա սուրբ պսակի եւ ընտանիք կազմելու կոչումի կարեւորութիւնը ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ ծառայութեան կոչումի նուիրումը հուսկ պատգամը եզրափակեց մատնանշելով Քրաքովիայի 2016-ի հաւաքին, ու այդ հաւաքի 30 տարիներուն, որոնք վերանորոգեցին եւ բարեփոխեցին շատ մը կեանքեր։
''Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ` այս հաւաքի պահպան սուրբը, բարեխօս հանդիսանայ մեր այս ուխտագնացութեան դէպի Քրաքովիա եւ Ամենասուրբ Աստուածամօր հայեացքը մեզի ուղեկցի ճանապարհորդութեան ընթացքին'' գրեց Սրբազան Հայրը եզրափակելով երիատաարդներուն ուղղած իր պատգամը որ կը կրէ 31 յունուարի թուականը` տօն Սուրբ Յովհաննէս Պոսքոյի։








All the contents on this site are copyrighted ©.