2015-02-17 13:49:42

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Ս. Պատարագի քարոզը


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը երեքշաբթի, փետրուար 17ի առաւօտեան Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցանեց Ս. Պատարագը եւ տուաւ օրուան պատգամը։

Քարոզին սկիզբը Սրբազան Քահանայապետը յիշեց Եգիպտոսի Ղպտի զոհերը։ Ան ըսաւ՝ ՙայս սուրբ Պատարագը կը նուիրենք մեր 21 Ղպտի եղբայրներուն համար, որոնք խողխողուեցան պարզապէս քրիստոնեայ ըլլալուն համար։ Աղօթենք անոնց համար որ Տէրը ընդունի զիրենք իբր մարտիրոսներ, աղօթենք անոնց ընտանիքներուն համար եւ իմ եղբօրս Թաուատրոս Բ. Աղեքսանդրիոյ Պապին համար, որ ծանրապէս կը տառապի։՚
Ապա Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ եղբայրական հոգիի քանդումին, յիշելով Կայէնի եւ Աբէլի պատմութիւնը, եւ աւելցուց՝ ՙմենք կը քանդենք եղբայրական հոգին։ Իսկ եղբայրական հոգիին քնդումը՝ սկիզբն է պատերազմներու։՚ Նախանձ եւ մախանք ու տիրապետելու ցանկութիւնը կ’իշխեն հոգիներու վրայ։ Այս է ներկայ ժամանակներու իրականութիւնը։ Աչք մը նետեցէք օրաթերթի վրայ՝ ըլլայ ան ձախակողմեան կամ աջակողմեան՝ պիտի տեսնէք, որ լուրերուն 90 տոկոսէն աւելին կործանումի մասին է։ Այս է մեր առօրեայ իրականութիւնը։
Բայց, ինչու՞ այս կործանարար միտումը։ Նկատի առնենք պատերազմները եւ զինամթերքի վաճառքը։ Գործառուներ ենք՝ բայց ինչի՞ - մահուա՞ն։ Շատ մը երկիրներ պատերազմի մէջ մարտնչող երկու կողմերուն ալ զէնք կը վաճառեն։ Ահա ա՜յս է մեր կործանարար կարողականութիւնը։ Մեր մէջ ունինք չարիքին սերմը, կործանարար սերմը։ Սակայն մեր մէջ կը կրենք Սուրբ Հոգին, որ մեզ կը փրկէ։ Մեզի կը մնայ ընտրել ճիշտ ճամբան։
Սրբազան Քահանայապետը յիշեցուց օրուան Մարկոսի Աւետարանի դրուագը, ուր Յիսուս հարց կու տայ՝ ՙՉէ՞ք հասկնար, չէ՞ք յիշեր. ապշութիւ՞նը ձեր միտքը պատած է։ Աչքեր ունիք եւ չէ՞ք տեսներ, ականջներ ունիք եւ չէ՞ք լսեր եւ դեռ չէ՞ք հասկնար ու չէ՞ք յիշեր։՚ (Մրկ Ը. 14-21)
Յիսուս այսօր ալ մեզ կը յորդորէ՝ յիշեցէք զիս, արիւնս թափեցի ձեզի համար, փրկեցի ձեզ բոլորդ, զօրութիւնն ունիմ ընկերանալու ձեզի ձեր կեանքի ճանապարհին վրայ, բարիի ճամբուն վրայ, բարիք ցուցաբերելու ճամբուն վրայ, կերտումի ճամբուն վրայ՝ կերտելու համար ընտանիք մը, քաղաք մը, մշակոյթ մը, հայրենիք մը։
Ապա Սրբազան Քահանայապետը կոչ ուղղեց, որ քառասնորդացի այս շրջանին միշտ աղօթենք՝ ՙմի տանիր զմեզ ի փորձութիւն՚ եւ խնդրենք Տիրոջմէ՝ որ միշտ ուղիղ ճամբան ընտրենք եւ հեռանանք կործանումի ճանապարհէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.