2015-02-17 10:22:59

Օգոստոսին Անկոլայի մէջ պիտի տօնախմբուի կաթողիկէ երիտասարդութեան առաջին օրը։


(Ռատիօ Վատիկան) Անկոլայի եկեղեցին յառաջիկայ օգոստոսին պիտի նշէ երիտասարդութեան ազգային օրը։ Տօնախմբութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հուամբօ մարզին մէջ, 26-30 օգոստոս 2015` ‘’Երիտասարդներ եղէք վկաները Քրիստոսի սիրոյն’’, բնաբանով։ Լուրը կը հաղորդէ հայր Բինհօ` երիտասարդութեան հովութեան խնամակալութեան պատասխանատուն։
Հայր Բինհոն նախաձեռնութիւնը որակեց որպէս բարեպատեհութիւն մը լաւագոյնս ապրելու երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան փորձառութիւնը տեղական գետնի վրայ։ Այս նախաձեռնութեամբ Անկոլայի եկեղեցին կը նպատակադրէ հրաւիրել ամէն քրիստոնեայ երիտասարդ` ապրելու Քրիստոսի սէրը եւ շնորհիւ այդ սիրոյն կարելի դարձնել ընկերութեան բարւոքումը։ Նախաձեռնութիւնը նոյնպէս կը նպատակադրէ երկխօսութիւն հաստատել եկեղեցւոյ ու երիտասարդներու միջեւ ինչպէս նաեւ երիտասարդներու միջեւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.