2015-02-17 09:41:22

Հնդկաստանի Վարանազիի միջկրօնական հանդիպումը խաղաղութեան ու երկխօսութեան ի նպաստ։


(Ռատիօ Վատիկան) Վարանազիի մէջ վերջ գտաւ Հնդկաստանի քրիստոնեայ, մահմետական, ինտու եւ պուտտայական կրօնապետերու միջկրօնական եռօրեայ ժողովը, կազմակերպուած կաթողիկէ եկեղեցիէն վատիկանեան տիեզերական Բ. Ժողովի ''Nostra Aetate'' վաւերաթուղթի հռչակման 50-րդ տարեդարձին առթիւ (հրապարակուած 28 Հոկտեմբեր 1965)։ Այս հաւաքին նպատակն է խաղաղութեան պատգամ մը ուղղել համայն աշխարհին։ Խաղաղութիւնը մարդկութեան առաջնահերթ բարիք մըն է։ Հաւաքին իր մասնակցութիւնը բերած է Ս. Աթոռէն մէկ պատուիրակութիւն մը։

Յայտնենք թէ Վարանազին նուիրական քաղաք մըն է, ուր դարերէ ի վեր բոլոր կրօններու հաւատացեալները մեծ ներդաշնակութեամբ իրարու հետ կ’ապրին, քաղաքին մէջ կը տիրէ համակեցութիւնը, փոխադարձ հանդուրժողութիւնը։
Միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդի քարտուղարը` գերապայծառ Տաբրէ յայտնեց որ ''կրօնական երկխօսութիւնը անբաժան մէկ մասն է քրիստոնէական հաւատքին։ Հարկաւոր է ճանչնալ կրօնական տարբերութիւնները ու համակենակցիլ անոնց հետ։ Կրօնական տարբերութիւնները կարող են առաջնորդել գեղեցիկ փորձառութեան, էականը այն է ` ճանչնալ մեր տարբերութիւնները ու սորվիլ համակենակցիլ անոնց հետ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.