2015-02-17 09:26:49

Աղեքսանդրիոյ Ղպտի կաթողիկէ պատրիարքին գնահատումով գլխատուած 21 ղպտիները հաւատքի մարտիրոսներ են։


(Ռատիօ Վատիկան) Լիպիոյ մէջ իսլամ ծայրայեղներէն սպաննուած եգիպտացի 21 ղպտիները, հաւատքի մարտիրոսներ են, յայտարարեց Եգիպտոսի ղպտի կաթողիկէներու պատրիարքը` գերերջանիկ Իպրահիմ Իսաաք Սիտրաքը։ Իմ սրտայոյզ ցաւակցութիւնս կը յայտնեմ անոնց պարագաներուն եւ միաժամանակ իմ երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ երկրի հանրապետութեան նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Ալ Սիսիին ու Եգիպտոսի կառավարական բոլոր հաստատութիւններուն, իրենց բերած նեցուկին ու ահաբեկիչներուն դէմ ցուցաբերած հակադարձութեան։
Պատրիարքը մամուլին հետ ունեցած ելոյթով ըսաւ. ''Հաւատքի լոյսով պէտք ենք դիտել մեր օրթոտոքս եղբայրներուն ողբերգական մահը'։ Ան միաժամանակ իր հիացումը յայտնեց երկրի բոլոր անդամներու հակազդեցութեան արիւնարբու բարբարոսութեան ի տես։ Դէպքը միացուց Եգիպտոսի մահմետականներն ու քրիստոնեաները։ Ալ Ազհար համալսարանը խստիւ ու անյապաղ դատապարտեց բարբարոսական ներգործութիւնը, իսլամ ծայրայեղները որակելով անկրօն ու զուրկ մարդկային արժէքներէ։ Նոյնպէս Եգիպտոսի օդուժի արագաշարժ հակադարձութիւնը Լիպիոյ իսլամական պետութեան դէմ `ապացուցեց որ կառավարութեան համար Եգիպտոսի բոլոր քաղաքացիները հաւասար են ու համայն ազգը ինքզինք վիրաւորուած կը զգայ։ Եգիպտական նախագահութիւնը 7 օր ազգային սուգ հռչակեց 21 ղպտիներու ջարդին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.