2015-02-16 12:21:37

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ճառը ''“Pro Petri Sede – Պետրոսի աթոռին ի սպաս” ուխտի անդամներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 16 փետրուար 2015-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ընդունեց ''Pro Petri Sede – Պետրոսի աթոռի ի սպաս” ուխտի անդամները։
Ուխտը իր ծագումը ունեցած է 19-րդ դարուն, երբ բազմաթիւ երիտասարդներ Հռոմ ժամանեցին պաշտպանելու համար Պիոս 9-րդ Քահանայապետն եւ ապահովելու իրեն ու բոլոր Սուրբ Պետրոսի յաջորդներուն Սուրբ Աթոռի տարածքային անկախութիւնը։ Ուխտի հիմնական նպատակներէն մին կը մնայ թիկունք կանգնիլ Սրբազան Քահանայապետին եւ անոր առաքելութեան։
Ուխտին անդամներուն արտասանած իր խօսքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց յանձնառումին` ի սպաս աղքատներուն, մատնանշելով բազմաթիւ անհատներուն որոնք կարիքն ունին զօրակցութեան` ըլլայ նիւթական ըլլայ հոգեկան գետնի վրայ։
Մենք ալ – ըսաւ Սրբազան Հայրը – շատ բաներ կրնանք ընդունիլ այն աղքատներէն որոնց օգնութեան կը հասնինք, անոնք յաճախ հիմնական վկաներ են ընտանիքի արժէքներուն, կարող են իրենց ունեցածը բաժնեկցիլ անոնց հետ որոնք իրենցմէ աւելի աղքատ վիճակի մէջ կը գտնուին ու անոնց հետ ուրախանալ, այնպէս ինչպէս առիթը ունեցայ նկատելու Ասիա կատարած վերջին ճամբորդութեանս ընթացքին։
Աղքատներուն հանդէպ մեր ուշադրութիւնը մեզ կը հարստացնէ ու մեզ կը դնէ հեզութեան ու ճշմարտութեան ճանապարհին վրայ։ Սուրբ Պօղոս կը գրէր ''Ի՞նչ բանով կը զանազանուիս եւ ի՞նչ ունիս որ չես ստացած'', յարեց Սրբազան Հայրը ու հրաւիրեց ներկաները քառասնորդացի ընթացքին Տիրոջմէ հայցելու շնորհքը` ունենալու ողորմած ու աղքատ սիրտ մը որ կը ճանչնայ իր աղքատութիւնը եւ կը նուիրուի ուրիշներուն։
''Սուրբ Պետրոսի յաջորդին տրամադրած ձեր նուէրով դուք օգնութեան կը հասնիք աշխարհի զանազան ժողովուրդներուն որ տառապանքի մէջ կ՛ապրին, ձեր այս զօրակցութեամբ անոնց կը նուիրէք նաեւ հոգեկան սփոփանք որպէսզի իրենք զիրենք մոռցուած չզգան դժուարութիւններու ընթացքին, ու պահպանեն ապագայի յոյսը։ Ձեզի շնորհակալութիւն կը յայտնեմ նաեւ անոնց անունով ու կը հրաւիրեմ մշտապէս աղօթել խաղաղութեան համար որպէսզի քաղաքական պատասխանատուները երկխօսութեան եւ հաշտութեան ուղին գտնեն'' ըսաւ
Ֆրանչիսկոս Պապը ու խօսքը եզրափակեց անոնց մաղթելով բարի ուխտագնացութիւն եւ անոնց առաքելութեան յաջողութիւն` ի սպաս աղքատներուն եւ փոքրիկներուն որոնց հանդէպ իւրայատուկ սէր մը ունէր Յիսուս։ Ապա հայցեց Աստուածամօր հովանին ու անոնց տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.