2015-02-16 08:47:17

Քոփենհակընի մէջ երկու ահաբեկչական յարձակումներ։


Դանիական ոստիկանութիւնը յայտարարած է, որ հրացանաձգութեան մը ընթացքին սպաննած է անձ մը, որ կը կարծուի գործած ըլլալ մայրաքաղաք Քոփենհակընի մէջ հրէական տաճարի մը եւ մշակութային կեդրոնի մը դէմ յարձակումները, որոնք ոստիկանութեան շարքերուն մէջ պատճառած էին 2 զոհ եւ 5 վիրաւոր:
Հրէական տաճարին դէմ յարձակումը տեղի ունեցած էր կիրակի առաւօտ. յարձակումին պատճառով հրեայ մը սպաննուած էր եւ երեք ոստիկաններ վիրաւորուած, իսկ շաբաթ երեկոյեան 2 զոհ եւ շարք մը վիրաւորներ պատճառած յարձակումը տեղի ունեցած էր մշակութային կեդրոնի մը դէմ, ուր տեղի կ՛ունենար խօսքի ազատութեան շուրջ կլոր սեղան մը` մասնակցութեամբ Մոհամետ մարգարէի ծաղրանկարներու հեղինակ Լարս Վիլքսի: Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ Դանիոյ մէջ Ֆրանսայի դեսպանը:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց, որ այսպիսի յարձակումները պիտի շարունակուին, եւ Եւրոպայի հրեաներուն կոչ ուղղեց հաւաքաբար ներգաղթելու Իսրայէլ` նշելով, որ Իսրայէլ իւրաքանչիւր հրեայի հայրենիքն է:








All the contents on this site are copyrighted ©.