2015-02-16 09:07:53

Միջկրօնական վատիկանեան մէկ պատուիրակութիւնը Հնդկաստանի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական մէկ պատուիրակութիւնը, Հայր Indunil Kodithuwakku գլխաւորութեամբ, 12-16 Փետրուար 2015, կը գտնուի Հնդկաստանի Բոս Կայա քաղաքին մէջ, մասնակցելու պուտտայական-քրիստոնեայ միջկրօնական ժողովին։
Հնդկաստան կեցութեան ընթացքին պատուիրակութիւնը Վարանազ քաղաքին մէջ վերակոչեց վատիկանեան Բ տիեզերական ժողովի “Nostra Aetate” վճռագիրին հրատարակութեան 50-րդ տարեդարձը (28 Հոկտեմբեր 1965). Երկուշաբթի 16 փետրուարին միշտ Վարանազի քաղաքին մէջ պատուիրակութիւնը միջկրօնական հանդիպումներ կ՛ունենայ Ինդու, Սիխ, Պուտտայական եւ մահմետական կրօնապետերու հետ ապա կը հանդիպին Հնդկաստանի եպիսկոպոսական դասի անդամներուն հետ եւ սուրբ աթոռի առաքելական դեսպանին հետ միասնական աղօթքով եզրափակելով իրենց այս միջկրօնային բնոյթ ունեցող ճամբորդութիւնը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.