2015-02-15 13:04:43

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 15 փետրուարի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը` Եթէ չարը վարակիչ է, վարակիչ է նաեւ սէրը''։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 15 փետրուար 2015-ի առաւօտեան, Սուրբ Պետրոսի մէջ, Նոր Կարդինալներուն հետ գլխաւորած սուրբ պատարագի զոհին աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան աւետարանական ընթերցումին վրայ, հայող ''Բորոտի բուժումին'' ու հաստատեց թէ օրուան աւետարանը մեզի ցոյց կու տայ թէ եթէ կ՛ուզենք Յիսուսի իսկական աշակերտներն ըլլալ կանչուած ենք Անոր միանալու եւ դառնալու իր ողորմած սիրոյն գործիքներ, յաղթահարելով մեկուսացումները։
''Այլ ոմն Քրիստոս'' ներ ըլլալու համար պէտք չէ վախ ունենանք նայելու աղքատին ու հիւանդին աչքերուն։ Եթէ չարը վարակիչ է - ըսաւ Քահանայապետը - վարակիչ է նաեւ բարին ու հրաւիրեց ''թոյլ տալ որ բարին մեզ վարակէ''։
Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց հեռաւոր արեւելքի բնակիչները որոնք կը պատրաստուին տօնախմբելու Լուսնի նոր տարին, մաղթելով որ այդ տօնակատարութիւնը օգնէ ժողովուրդներուն կառուցելու ընկերութիւն մը հիմնուած` արդարութեան, յարգանքի եւ սիրոյ յարաբերութիւններու վրայ։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա ակնարկեց նոր նշանակուած ծիրանաւորներուն եւ ողջունեց հրապարակի վրայ համախմբուած զանազան վայրերէ ժամանած ուխտաւորները հուսկ բոլորին մաղթեց բարի կիրակի խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.