2015-02-15 12:26:49

Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը բացումը կը կատարէ դիւաններու նուիրուած 100 ամեակի գիտաժողովին։


Նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքի, կազմակերպութեամբ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական Մարմնին, Հայոց Մեծ Եղեռնի մասին արխիւներու մէջ պահպանուած վկայութիւններու շուրջ միօրեայ Գիտաժողովը սկսաւ շաբաթ 14 փետրուար 2015ին առաւօտեան Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան վանքին մէջ: Ստորեւ կու տանք Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ բացման խօսքը: «Գերապայծառ, գերյարգելի, գերապատիւ Հայրեր,
Յարգարժան զեկուցաբերներ, փորձագէտներ, մամուլի ներկայացուցիչներ եւ մասնակիցներ գիտաժողովին։
Ուրախութեամբ եւ գոհունակութեամբ կ'ողջունենք Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած միջոցառումներու շրջագիծէն ներս այս գիտաժողովին կայացումը Զմմառու բազմադարեայ այս Պատրիարքական վանքին մէջ, որ եղած է ոչ միայն եկեղեցւոյ ու ազգին ծառայութեան նուիրեալ հոգեւորականներու դարբնոց մը, այլ՝ ազգային եւ մշակութային արժէքներու մշտավառ փարոս մը։
Այս գիտաժողովին մասնակցելու հրաւէրին ընդառաջելու ձեր պատրաստակամութեան մէջ ընդհանրապէս մասնաւորաբար եւ արխիւագէտներու, Հայոց ցեղասպանութեան մասին հետազօտումներ կատարող փորձագէտներու, պատմագէտներու, դիւանապահներու այսպիսի եզակի գիտաժողովի մը մասնակցութեան մէջ՝ մենք կը տեսնենք հայ ազգին, հայ Եկեղեցւոյ եւ Հայաստանին համար արխիւներու անփոխարինելի կարեւորութեան գիտակցութեան արտայայտութիւնը։
Արդարեւ, պատմական իրադարձութիւնները վկայակոչող բազմաբնոյթ յիշատակարաններ՝ - յուշարձաններ, ճարտարապետական կոթողներ, արուեստի ստեղծագործութիւններ, քանդակներ, որմագրութիւններ - կրնան գոյութիւն ունենալ եւ գոյութիւն ունին, եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր տեղն ու դերը ունի պատմական դէպքերու արժեւորումին մէջ, սակայն անոնցմէ ոչ մէկը կրնայ փոխարինել արխիւը՝ հաւաքականութեան մը անցեալի եւ պատմութեան մասին ամբողջական պատկերացում մը կազմելու համար։ Ան, արխիւը, հիմնական աղբիւրն է պատմական եղելութեանց մասին վկայութեանց փոխանցումին։
Արխիւները՝ հաւաքականութիւն մը, հասարակութիւն մը, ժողովուրդ մը եւ նոյնիսկ անհատ մը իր անցեալին կամրջող օղակն են։ Անոնք ճշմարտութեան բացայայտման անշրջանցելի միջոցներ են։
Արխիւները ժողովուրդի մը հաւաքական յիշողութիւնը սնուցանող ու վառ պահող յուշարարներ են, ապագայի ուղեցոյցներ։ Այս ընդոծին գիտակցութեամբ է որ մեր ժողովուրդը իր պատմութեան բոլոր հանգրուաններուն եւ բոլոր պայմաններուն ու պարագաներուն տակ ջանացած է յատուկ ուշադրութեան եւ հոգածութեան առարկայ դարձնել ոչ միայն մշակոյթային կամ արուեստի ամէն ստեղծագործութիւն, այլ մանաւանդ գիր ու գրականութիւն, որոնք դարձած են արխիւային ժառանգութիւն, անգնահատելի հարստութիւն։ Մատենադարանները, վանքերն ու մշակութային կեդրոններու, ուր հաւաքուած են մեծարժէք արխիւներ, սովորական պահեստանոցներ չեն, այլ ազգային ժառանգութեան արկղներ, որոնց բանալին կը գտնուի արխիւագէտներուն ձեռքը։ Արխիւագէտները ոչ միայն արխիւները յայտնաբերողներն ու ապա անոնց պահեստապետներն են, այլ զանոնք խօսեցնողն են։ Անոնց խօսքը, վկայութիւնն ու պատգամը հասարակութեան փոխանցողներն են։ Այս հաղորդակցութեան շնորհիւ է որ անցեալը կը դառնայ ուղեցոյց ներկային։
Ահա այսպիսի խորհրդածութիւններով է, որ կ'արժեւորենք այս գիտաժողովը, որ յատուկ նշանակութիւն կը զգենու Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի յիշատակումի այս տարուան սեիմն եւ հայրապետական օրհնութեամբ կ'ողջունենք զայն եւ արդիւնաբեր աշխատանք կը մաղթենք անոր Զմմառու Տիրամօր հոգատար առաջնորդութեամբ։»







All the contents on this site are copyrighted ©.