2015-02-14 09:45:45

Պենետիկտոս ԺԶ-ի մասնակցութիւնը Կարդինալական տիտղոսի տուչութեան արարողութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ` 14 փետրուար 2015ի առաւօտեան ժամը 11-ին, Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ կարդինալական սովորական հանրային ժողով, որուն ընթացքին քսան նոր կարդինալներու շնորհուեցաւ կարդինալական գդակը, մատանին ու ծիրանաւորի տիտղոսը։
Սոյն արարողութեան` ընդառաջելով Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին իրեն ուղղուած հրաւէրին, իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը որ, յիշեցնենք, անցեալ տարի եւս մասնակցած էր կարդինալական նոյնանման ժողովին։

Նշենք թէ նոր կարդինալներէն 5-ը եւրոպացի են, 3-ը Ասիայէն, 3 Լատին Ամերիկայէն, 2 Ափրիկէէն եւ 2-ը Ովկեանիայէն։ Նոր անուանուած կարդինալներէն ամենաերիտասարդը Թոնկայի թեմի արքեպիսկոպոսն է` գերապայծառ Մաֆի (1961-ի ծնունդ), մինչ ամենատարեցը Մանիզալէսի երբեմնի արքեպիսկոպոսն է` գերապայծառ Բիմիէնթօ Ռոտրիկէսը 1919-ծնունդ։

Ստորեւ կը ներկայացնենք Պապ ընտրող իրաւունքով նոր կարդինալներու անունները Կարդինալ Տոմինիք Մամպերթի, Կարդինալ Մանուէլ Խօսէ Մաքարիօ ՏօՆաշիմենթո Քլեմենթէ, Կարդինալ Պերհանեյեզուս Տեմերիու Սուրաֆիել, կարդինալ Ժոն Աթչերլէյ Տիու, Կարդինալ Էտուարտօ Մենիքելլի, Կարդինալ Եիէր Նկույէն Վաբ Նհոն, Կարդինալ Ալպերթօ Սուարէզ Ինտա, Կարդինալ Շարլ Մաունկ Պօ, Կարդինալ Ֆրանսիս Քզավիէ Վրիէնկսաք Քովիթավանիի, Կարդինալ Ֆրանչէսքօ Մոնթենեկրօ, Կարդինալ Տանիէլ Ֆերնանրօ Սթուրլա Պերհուէթ, Կարդինալ Րիվարտօ Պլասքէզ Փերէզ, Կարդինալ Խօսէ Լուիս Լաքունզա Մայեսթորխուան, Կարդինալ Արլինտօ Կոմէս Ֆուրէատօ, Կարդինալ Սոանէ Բաթիթա Փայինի Մաֆի։
Իսկ վաստակաւոր կարդինալներն են` Կարդինալ Խօսէ Տէ Եզուս Փիմիէնթօ Ռոտրիկէզ, Կարդինալ Լուճի Տէ Մաճիսէրիս, Կարդինալ Քարլ – Ժոզէֆ Ռաուպէր, Կարդինալ Լուիս Հէքթոր Վիլլապա եւ կարդինալ Խուլիօ Տուարթէ Լանկա։








All the contents on this site are copyrighted ©.