2015-02-14 10:48:40

Ղեւոնդեանց եւ Վարդանանց տօնը եւ Հոգեւոր Տիրոջ եպիսկոպոսական 25 ամեակը


Հինգշաբթի 12 փետրուարի երեկոյեան ժամը 7-ին Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքի եւ մասնակցութեամբ Արհի Արհի Մանուէլ եպիսկոպոս Պաթագեանի, Գրիգոր եպիսկոպոս Գուսանի, ժողովրդապետ հայրերու եւ քահանաներու, Զմմառու ընծայարանի աշակերտներուն եւ հաւատացեալներուն, երգեցողութեամբ «Կռունկ» պատրիարքական երգչախումբին, գերապատիւ ժողովրդապետ հայր Վարդան վրդ Գազանճեան սուրբ Պատարագ մատոյց եւ օրուան քարոզը արտասանեց ի յիշատակ Ղեւոնդեանց եւ Վարդանանց նահատակներուն: Ան իր քարոզին մէջ կապեց 451 թուականը 1915-ի Մեծ Եղեռնին այս վերջինին 100 ամեակին առթիւ: Հաւատք ու սէր առաջարկեց հաւատացեալներուն Աստուծոյ եւ Եկեղեցւոյ հանդէպ: Ապա ան շեշտեց այն օրերէն որպէս պատգամ մեզի եկող միասնականութեան վրայ, ըսելով թէ անոնք միասին համայն ժողովուրդը, որոշեցին մէկ շարք ըլլալով մերժել ուրանալ Քրիստոսը: Վարդապետը յիշեց նաեւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ ճամբորդութիւնը դէպի Հռոմ, ուր փետրուարի վերջաւորութեան պիտի գումարուի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սիւոդհոսը, որ յատուկօրէն այս նիստերուն պիտի ուսումնասիրէ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ իրավիճակը եւ անոր դիմաց ներկայացած մարտահրաւէրները:
Քարոզի աւարտին, եւ որպէս անակնկալ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ, ան ժողովուրդէն խնդրեց ոտքի ելլել եւ աղօթել Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ համար անոր եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան 25 ամեակին առթիւ, մինչ «Կռունկ» երգչախումբը ղեկավարութեամբ դոկտ. Էտուար Թորիքեանի կ'երգէր «Դու ես Քահանայ յաւիտեան...»:
Սուրբ Պատարագէն ետք Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն եւ դպիրներուն հետ պատրիարքական դահլիճ բարձրացաւ, որպէսզի ընդունի 25 ամեակի շնորհաւորութիւնները եւ աջահամբոյրը եւ տայ իր օրհնութիւնները: «Կռունկ» երգչախումին հետ միասին ներկաները երգեցին Հայրապետական մաղթանքը, որմէ ետք Հոգեւոր Տէրը ըսաւ . «Գլուխը մարմինով է որ կ'ապրի եւ դուք եկեղեցւոյ մարմինն էք: Միասին կենսունակ պիտի պահենք Եկեղեցին»: Ապա հատուեցաւ առիթին կարկանդակը:
Երկար օրեր սիրելի Հօր:








All the contents on this site are copyrighted ©.