2015-02-14 10:43:59

Դեկտեմբեր 9՝ Հայաստանի մէջ աշխարհի բոլոր ցեղասպանութիւններու օր։


ԵՐԵՒԱՆ.– 12 Փետրուարին կայացաւ Հայաստանի կառավարութեան հերթական նիստը, զոր վարեց վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանը:
Ընթացքին քննարկուած է Ազգային ժողովի խումբ մը պատգամաւորներու օրէնսդրական նախաձեռնութեան կարգով ներկայացուցած՝ «Հայաստանի տօների եւ յիշատակի օրերի մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւն եւ լրացում կատարելու վերաբերող օրէնքի նախագիծը, որուն վերաբերեալ կառավարութիւնը սկզբունքային առարկութիւն չունի. անոր մէջ կ՛առաջարկուի «Ցեղասպանութիւն» բառը փոխարինել «Հայոց Ցեղասպանութիւն» բառերով, ինչպէս նաեւ 9 Դեկտեմբերը՝ ՄԱԿի Ընդհանուր վեհաժողովին կողմէ «Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման եւ անոր համար պատիժի մասին» ուխտի ընդունման օրը (1948թ.) սահմանել որպէս ամբողջ աշխարհին մէջ ցեղասպանութիւններու դատապարտման եւ յիշատակման օր:
Այլ պատգամաւորներու խումբ մը օրէնսդրական նախաձեռնութեամբ առաջարկած է ընդարձակել Մխիթար Գօշի մետալով պարգեւատրուող անձերուն շրջանակը՝ ներառելով այն օտար քաղաքացիները, որոնք նշանակալի աւանդ ունեցած են Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, ցեղասպանութիւններու դատապարտման եւ կանխարգիլման, ինչպէս նաեւ ժխտողականութեան դէմ պայքարի գործին մէջ։ Կառավարութիւնը այս պարագային եւս որեւէ առարկութիւն չէ ներկայացուցած։
Վերը նշուած օրէնքներու նախագիծերը եւ կառավարութեան եզրակացութիւնները սահմանուած կարգով պիտի ներկայացուին Հայաստանի Ազգային ժողովին:








All the contents on this site are copyrighted ©.