2015-02-14 10:20:06

''Բարոյականը տնտեսութենէն անբաժան թող ըլլայ'' ըսաւ Միջազգային Քարիթասի նախագահը


(Ռատիօ Վատիկան) ''Կարելի չէ ունենալ տնտեսական անվերջ աճում, հարկաւոր է որ բարոյականը տնտեսութենէն անբաժան ըլլայ’’, ըսաւ կարդինալ Մարատիակա` նախագահը միջազգային քարիթասին, խօսք առնելով ‘’ֆրանչիսկոս Քահանայապետը` այս տնտեսութիւնը կը սպանէ’’ խորագիրով գիրքին ներկայացումին առթիւ։

Եթէ տնտեսութիւնը մարդու ի սպաս չէ, յարեց կարդինալը, քաջութիւն ունենալու է փոխուելու։ Ան յիշեցուց որ խստակեցութիւնը քրիստոնէական առաքինութիւն մըն է , որուն ամէնքս պէտք ունինք , մինչ ''թրոիքայի'' պահանջածը խստամբեր կարգադրութիւններ են եւ կը պարապեցնեն մասնաւորապէս աղքատները։

‘’Այս տնտեսութիւնը կը սպանէ’’ գիրքին վերնագիրը նախադասութիւն մըն է առնուած ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ''Աւետարանի Ուրախութիւնը'' առաքելական յորդորագիրէն ու ներշնչուած Սրբազան Քահանայապետի տնտեսական ու ընկերային տեսութենէն։

Այսօր կ՛ապրինք արտառոցութիւնը, ունինք որպէս չափանիշ պետութեան մը տնտեսական վիճակը եւ ոչ թէ անհատին ապրած կեանքը։ Այս պատճառաւ Սրբազան Հայրը կ’ըսէ որ պէտք է վերջ տալ անջատումի եւ կղզիացումի մշակոյթին ու վերադառնալ Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան ուր ամէն բանի կեդրոնը ըլլալու է մարդ արարածը։








All the contents on this site are copyrighted ©.