2015-02-13 09:44:55

Վատիկանի մէջ Կարդինալական վեհաժողով։


(Ռատիօ Վատիկան) 12 եւ 13 փետրուար 2015-ին, Վատիկանի սիւնհոդոսական սրահին մէջ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի նախագահութեամբ, տեղի կ՛ունենայ կարդինալական վեհաժողով որուն ընթացքին կարդինալական դասը կ՛ուսումնասիրէ, Քահանայապետի անմիջական խորհրդատու ինը կարդինալներու Հռոմի Քուրիայի բարենորոգումի աշխատանքային ընթացքը եւ առաջին եզրակացութիւնները։ Վեհաժողովին կը մասնակցին 165 ծիրանաւորներ, մինչ այլ 20 կարդինալներ բացակայ են անձնական պատճառներու բերումով։
Սուրբ Աթոռի բանբեր` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտիին լրագրողներուն փոխանցած տուեալներուն համաձայն բարենորոգումի ծրագիրը կը նախատեսէ մի քանի խորհուրդներու եւ ժողովներու միացումը, աւելի ներդաշնակ ու պտղաբեր համագործակցութեան մը համար։
Կարդինալական երկօրեայ այս վեհաժողովին, շաբաթ` 14 փետրուարին, կը յաջորդէ կարդինալական սովորական հանրային ժողով, նոր կարդինալներու ստեղծումի ու անոնց ծիրանաւորի տիտղոսի տուչութեան արարողութեան առթիւ, ինչպէս նաեւ հետեւեալ նոր Սուրբերու հռչակումի քուէարկութիւնը.

Երանելի Ճովաննա Էմիլիա Տէ Վիլլնէօվ` Հիմնադիրը Քասդրի Անարատ Յղութեան իգական միաբանութեան, Երանելի Մարիա Տէ Ճեզու Քրոչիֆիսսօ` անդամ բոկոտն Քարմելիթան միաբանութեան, երանելի Մարիա Ալֆոնսինա Տանիլ Ղաթթաս` Երուսաղէմի Սուրբ Վարդարանի քոյրերու միաբանութեան հիմնադրուին։







All the contents on this site are copyrighted ©.