2015-02-13 10:08:50

Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ ննջեցեալ Կարդինալ Պէքէրի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 16 փետրուարին, յետմիջօրէի ժամը 2.45 ին, Սուրբ Պետրոսի տաճարին, մէջ տեղի կ՝ունենայ Յիսուսեան միաբանութեան անդամ` կարդինալ Ժոզէֆ Պէքէրի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, որ իր մահկանացուն կնքեց անցեալ երեքշաբթի 2 փետրուարին։ Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կը նախագահէ կարդինալական դասի աւագերէց` կարդինալ Անճէլօ Սոտանոն, մասնակցութեամբ կարդինալական դասին, եպիսկոպոսներուն ու կղերին ինչպէս նաեւ հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն ու հարազատներուն։
Սուրբ պատարագի զոհի աւարտին, Ֆրանչիկսոս Սրբազան Քահանայապետը իր մասնակցութիւնը կը բերէ ննջեցեալ կարդինալի ննջեցելոց վերջին օծման արարողութեան։









All the contents on this site are copyrighted ©.