2015-02-13 10:16:35

Աղեքսանդրիոյ թեմի կաթողիկէ Հայոց առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Գրիգոր Օգոստինոս Գուսանի, հովուական թուղթը 2015 տարւոյն քառասնորդացին առթիւ։


Քառասնորդացը հրաւէր մըն է խոնարհութեան։

(Ռատիօ Վատիկան) Գերապայծառ Օգոստինոս Գուսան` առաջնորդը Եգիպտոսի Աղքսանդրիոյ թեմին, 2015-ի քառասնորդացի լաւագոյն ապրումին համար հովուական թուղթ մը ուղղած է հաւատացեալներուն ունենալով որպէս նիւթ` ''խոնարհութիւն''։
Հովուական թուղթը կը սկսի Պօղոս առաքեալի Փիլիպեցիներու ուղղած թուղթէն առնուած խօսքերով (գլուխ Բ. 5-9 համարները).
Սնուցէք ձեր մէջ նոյն զգացումները զորս ունէր Յիսուս Քրիստոս։ Ինք, որ Աստուծոյ կերպարանք ունէր, յափշտակութիւն չհամարեց, Աստուծոյ հաւասար ըլլալ։ Այլ ինքզինք ունայնացուց ծառայի կերպարանք առնելով եւ դառնալով նման մարդոց, որոնք կերպարանքով զինք ճանչցան իբրեւ մարդ։ խոնարհեցուց ինքզինք՝ հնազանդելով մինչեւ մահ եւ մահ՝ խաչին վրայ։ Ասոր համար զինք բարձրացուց, եւ տուաւ Անոր Անունը որ կը գերազանցէ ամէն անուն։
Իր հովուական թուղթին մէջ գերապայծառ Գուսա կը հրաւիրէ հաւատացեալները որ համեստաբար իրենց գլուխը խոնարհեցնեն Տիրոջ մեծվայելչութեան առջեւ։ Մեր սրտերէն հեռացնենք ատելութեան եւ ոխակալութեան ոգին եւ ընդգրկենք սիրոյ ու ներումի ընթացքը, այսպէսով մեր զղջումը ճշմարիտ պիտի ըլլայ եւ պիտի կարողանանք Աստուծմէ խնդրել մեր մեղքերուն թողութիւնը։
Գերապայծառը, իր հովուական թուղը կ'եզրափակէ բոլորին մաղթելով շնորհաբեր հոգեւոր ընթացք մը քառասնորդացի շրջանին, բարեխօսութեամբ Ամենասուրբ Կոյս Մարիամի, մեր հօր Ս.Գրիգոր Լուսաւորչի ու երանելի Ինքնատիոս Մալոյանի։
Հուսկ գերապայծառ Գուսան հաւատացեալներուն կը յիշեցնէ որ յարգեն ՜՜քառասնորդացի ծոմապահութեան կանոնը՝՝։ Ամէն ուրբաթ օրը մասնակցին խաչի ճանապարհի բարեպաշտութեան։ Ամէն օր Ս. Գիրքի ընթերցում կատարեն ու նուիրատուութիւն ընեն ընչազուրկերու ի նպաստ։








All the contents on this site are copyrighted ©.