2015-02-13 09:37:41

2015 «Կրօնաւորական կեանք»ի տարի


Մեղքին դէմ պայքարը
Նախապէս մեր հաղորդումներուն մէջ անդրադարձանք կրօնաւորին սրբութեան մասին, ըսելով թէ ճշմարիտ կրօնաւորը պարտաւոր է վարել ամէն տեսակ առաքինութիւններով լի կեանք մը, որպէսզի իր ներքինը ըլլայ այն ինչ որ արտաքինն է, մարդոց առջեւ:
Առաքինութիւնը բարիք ընելու ունակական եւ հաստատ տրամադրութիւն մըն է: «Առաքինի կեանքին նպատակը կը կայանայ Աստուծոյ նմանելու մէջ» (Ս. Գրիգոր Նիւսեցի):
Առաքինութիւնները իմացականութեան եւ կամքին ունակական եւ հաստատ այն տրամադրութիւններն են, որոնք մեր արարքները կը կանոնաւորեն, մեր կիրքերը կը կարգաւորեն եւ մեր վարքը կ՛ուղղեն իմացականութեան եւ հաւատքին համեմատ: Այս առաքինութիւնները բարոյապէս բարի եւ կրկնուած արարքներով ձեռք կը ձգուին եւ կ՛ամրապնդուին, իսկ աստուածային շնորհքին միջոցով կը մաքրասրբուին ու կը բարձրանան:
Սուրբ եւ առաքինի կեանք ապրելու համար, մեզմէ կը պահանջուի որ ճանչնանք մեր յանցանքները եւ զղջանք մեր մեղքերուն վրայ: Ինքն Աստուած` Իր Խօսքին եւ Իր Հոգիին միջոցով մեր մեղքերը ճանչնալու լոյսը կու տայ, մեր խղճին ուղղամտութիւն կ՛ապահովէ եւ ներումի յոյսը կը հաղորդէ մեզի:
Մեղքը «յաւիտենական Օրէնքին հակառակ խօսք մը, արարք մը կամ բաղձանք մըն է» կ՛ըսէ սուրբ Օգոստինոս: Մեղքը Աստուծոյ դէմ վիրաւորանք մըն է, Անոր սիրոյն դէմ մեր գործածան անհնազանդութեան պատճառով: Մեղքը մարդուն բնութիւնը կը խոցէ եւ մարդկային համընկերութեան վնաս կը պատճառէ: Քրիստոս Իր չարչարնքներուն միջոցով մեղքին ծանրութիւնը մեզի կը յայտնէ եւ Իր ողորմածութեամբ անոր դէմ յաղթանակ կը տանի:
Մեղքը մեր մէջ ինչպէ՞ս կը բազմանայ: Մեղքը` մեղքի վարժութիւն կը ստեղծէ եւ կրկնուելով` մոլութիւն կը դառնայ: Մոլութիւնները առաքինութիւններուն հակադրուող յոռի սովորութիւններ են, որոնք խիղճը կը մթագնեն եւ դէպի չարը կը հակեն: Անոնք կրնան կցուիլ գլխաւոր մեղքերուն, որոնք են` հպարտութիւնը, ագահութիւնը, նախանձը, բարկութիւնը, որկրամոլութիւնը, ծուլութիւնը կամ հեղգութիւնը:
Կրօնաւորը կոչուած է արդարութեան կեանքի` ընդմիշտ պայքարելով մեղքի դէմ : Արդարացումը Աստուծոյ սիրոյն պատուականագոյն մէկ ներգործութիւնն է: Ան Աստուծոյ բարեգութ եւ ձրի արարքն է, որ մեր մեղքերը կը ջնջէ եւ մեզ մեր ամբողջ էութեամբ արդար եւ սուրբ կը դարձնէ: Ասիկա կ՛իրագործուի Ս. Հոգիին շնորհքով, որուն արժանացանք Քրիստոսի չարչարանքներով եւ զայն ստացանք Մկրտութեան միջոցով: Արդարացումը ճամբայ կը բանայ մարդուն տալիք ազատ պատասխանին, այսինքն Քրիստոսի հանդէպ հաւատքին եւ Ս. Հոգիի շնորհքին հետ մեր գործակցութեան:
Խուսափելու համար մեղքի լուծէն, Աստուած մեզի կը պարգեւէ Շնորհքը : Ան Աստուծոյ ձրի պարգեւն է, զոր մեզի կու տայ Ս. Երրորդութեան կեանքին մեզ մասնակից ընելու, ինչպէս նաեւ կարող` Իր սիրոյն համար գործելու: Ան կոչուած է ունակական կամ սրբարար եւ կամ աստուածածուցիչ շնորհք, որովհետեւ մեզ կը սրբացնէ եւ կ՛աստուածացնէ: Ան նաեւ գեբնական է, որովհետեւ ան ամբողջութեամբ կախում ունի Աստուծոյ ձրի նախաձեռնութենէն, ան կը գերազանցէ մարդուն իմացականութեան եւ ուժին կարողականութիւնները: Հետեւաբար ան մեր փորձառութենէն դուրս կը մնայ:







All the contents on this site are copyrighted ©.