2015-02-12 09:57:34

Վաւերացուեցաւ ժխտողականութեան դէմ օրէնսդրական ծրագիր Իտալիոյ ծերակոյտի կողմէ։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 11 փետրուար 2015-ի առաւօտեան, Իտալիոյ Ծերակոյտը որդեգրեց ժխտողականութեան դէմ օրէնսդրական ծրագիր մը, որ այժմ պէտք է անցնի խորհրդարանի քննարկումին։
Այս քայլով Իտալիոյ իշխանութիւնները համապատասխանեցին Եւրոմիութեան այն հրահանգին որ կը պարտադրէ բոլոր անդամ երկիրները պայքարելու եւ պատժելու որոշակի արտայայտութիւնները հայող ցեղապաշտութեան, օտարատեցութեան եւ ատելութեան դրդումի։
Այս առընչութեամբ Իտալիոյ Ծերակոյտի նախագահ` Տիար Փիթէրօ Կրասսօ ընդգծեց թէ այս ծրագիրը որդեգրուեցաւ մեծամասնութեան քուէարկութեամբ որը կը հաստատէ հանրապետութեան իշխանութիւններու վճռակամութիւնը ''պայքարելու եւ արմատախիլ ընելու ժխտողականութեան եւ զոհերու վիրաւորանքի բոլոր ձեւերը, այդ պատմական ողբերգական էջին որ եղած է Հոլոքոստը''։








All the contents on this site are copyrighted ©.