2015-02-12 08:47:02

Հայ Կաթողիկէ Ս. Փրկիչ Եկեղեցւոյ ժողովրդապետութիւն. Սրբոց Վարդանանց տօնի հանդիսաւոր նշում։


Հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին եւ կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան, երէկ` չորեքշաբթի, 11 փետրուար 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Սրբոց Վարդանանց տօնը, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ:
Օրուան հաղորդավար Մարալ Հարպոյեան բացումը կատարեց ձեռնարկին` թուելով յայտագիրին գլխաւոր մասերը: «Այսօր ալ Վարդանանց հերոսամարտը նոյնքան այժմէական է, ոչ այնքան իբրեւ պարտաւորութիւն, այլ` իբրեւ թանկագին աւանդ», ընդգծեց ան:
Օրուան պատգամը փոխանցեց Ս. Վարդարանի Տիրամօր եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Մեսրոպ Ծ. վրդ. Թոփալեան: Ան պատմակերտ դէպքերու նշումով վերլուծական բաղդատական մը կատարեց հայութեան ժամանակակից պատմութեան անկիւնադարձային թուականներուն եւ առնչակից երեւոյթներուն միջեւ: Ան թուեց 26 մայիս 451-ի Վարդանանցն ու 24 ապրիլ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը, «թուականներ, որոնք անբաժանելի են իրարմէ»: Մէջբերումներ կատարելով Ս. գիրքին մէջ նշուած Յիսուս Քրիստոսի կեանքին առնչուող դէպքերու նկարագրումէն` հայր Թոփալեան յիշեց նաեւ ու մէջբերեց Եղիշէ պատմիչին կողմէ պատմուած 449 թուականին գումարուած Աշտիշատի ժողովի մասնակիցներու Յազկերտ Բ. թագաւորին ուղղուած պատասխան նամակէն:
Սրբազան հայրը հանգամանօրէն վեր առաւ Վարդանանցի ու Ցեղասպանութեան նահատակներու գերագոյն զոհաբերութեան հանգամանքը` պատգամելով, որ «մենք պէտք է արժանի ըլլանք անոնց զոհաբերութեան»:
Մեկնաբանելով ձեռնարկի որմազդին վրայ պատկերուած` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի խորհրդանիշ անմոռուկ ծաղիկի «կը յիշեմ ու կը պահանջեմ» պատգամը` հայր Թոփալեան դրուատիքով ու քննադատական շինիչ ոճով թուեց անցեալի ու ներկայի հակասական երեւոյթները, ինչպէս` սփիւռքի ուծացումը, հայրենիքի դատարկումը, արտագաղթը, ծնողներու անտարբերութիւնը հայոց լեզուին նկատմամբ եւ այլն:
Ան իր խօսքը եզրափակեց մէջբերելով Վահան Թէքէեանի Վարդանանց նուիրուած բանաստեղծութենէն հատուած մը.
«Դարերը կ՛անցնին, բայց Վարդանը քաջ,
Կ՛երթայ միշտ յառաջ,
Օ՛ն, միշտ յառաջ»…
Ապա Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Պերճ Սապէ պահպանիչով փակեց ձեռնարկը: Ան իր խօսքին մէջ նախ եւ առաջ շնորհաւորեց բոլոր Վարդան անունը կրողները, յատկապէս` հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանի անուանակոչութիւնը, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի կազմակերպիչներուն եւ հայր Ղազարին: «Գեղեցկութիւնը աշխարհը պիտի փրկէ», ըսաւ հայր Սապէ` ընդգծելով, որ այն ազգը, որ արուեստասէր է, այն ազգը, որ կառչած կը մնայ իր կոչումին եւ հաւատքին, երբեք պիտի չմեռնի:
Այս առիթով ներկայացուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր, որուն ընթացքին լիբանանեան եւ հայկական քայլերգներէն ետք յաջորդաբար ելոյթ ունեցան «Բլբուլ» մանկապատանեկան երգչախումբը` «Ծիծեռնակին բոյնը», «Մայր Հայաստան» եւ «Մենք ենք մեր սարերը» խմբերգներով: Երգչախումբին կողքին փոքրիկն Կասիա Նենեճեան նուագեց սրինգի վրայ, Անայիս Նենեճեան-Կէտիկեան մեներգեց, դաշնակի վրայ նուագեց Ռուբինա Զաքարեան: Ապա Տեսիլ Քէշիշեան ասմունքեց «Վարդանական» քերթուածը, իսկ դաշնակի վրայ Բալիկ Սարաֆեան նուագեց «Արագ շարժում»-ը` Ս. Ջրբաշեանէն եւ «Թօ Թալիա» կտորը` Ա. Խաչատրեանէն:
Ապա Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «Շուշի» պարախումբը ելոյթ ունեցաւ «Հայ նազանի» պարով, իսկ Գէորգ Քէշիշեան շուիի վրայ նուագեց «Սարի աղջիկ»-ը: Նմանապէս, «Արծիւեան» երգչախումբը ելոյթ ունեցաւ «Լռեց ամպերը», «Բամբ որոտան» եւ «Հիմի էլ լռենք» խմբերգներով, ուր Նորայր Դերձակեան մեներգեց «Լռեց ամպերը»: Վերջին երգով ելոյթ ունեցաւ երգչախումբի մենակատարներէն Ժորժ Ուաննէսեան, որուն շուիի վրայ ընկերացան Գէորգ Քէշիշեան եւ փոքրիկ թմբկահար Վիգէն Քենտիրճեան: Բոլոր երգչախումբերուն ղեկավարն էր Մանուէլ Քէշիշեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.