2015-02-12 09:28:00

Իրաք. Գերապայծառ Ուրատա անբաւարար կը նկատէ ՏԱՀԵՇԻ դէմ օդային ռմբակոծումները


(Ռատիօ Վատիկան) Էպրիլ թեմի առաջնորդ գերապայծառ Ուարտա` Անգլիոյ ազգային խորհուրդին առջեւ խօսք առնելով ըսաւ. օդանաւային ռմբակոծումները բաւարար չեն յաղթահարելու իսլամական պետութիւնը։
Իրաքի քրիստոնեաներուն շատ ժամանակ չմնաց, եթէ գետնի վրայ նոր ռազմավարութիւն մը չծրագրուի կարելի չէ յաղթահարել իսլամական պետութիւնը։ Գերապայծառ Պաշար Ուարտա թախանձեց արեւմտեան պետութիւններուն բանակ ուղարկելու Իրաք խորտակելու համար ծայրայեղ ահաբեկիչներու բանակը եւ կարելիութիւն տալու արտահան քրիստոնեաներու ու այլ փոքրամասնութիւններու տուն վերադարձը։
Գերապայծառ Ուարտա այլ միջամտութիւն մը կատարեց նաեւ Անկլիգան եկեղեցւոյ ընդհանուր սիւնհոդոսին առջեւ որուն ընթացքին յայտնեց թէ վերջին տասնամեակներուն Իրաքի քրիստոնեայ հասարակութեան թիւը ողբերգականօրէն վերածուած է։ Բռնատէր Սատտամ Հիւսէյնի իշխանութեան տարիներուն քրիստոնեայ հասարակութիւնը կը հաշուէր մէկ միլիոն 400 հազար։ Առանց արեւմտեան բանակի ներկայութեան քրիստոնեայ համայնքը դատապարտուած է ոչնչացման։








All the contents on this site are copyrighted ©.