2015-02-12 09:35:42

Աւելի քան 20 հազար օտար մարտիկներ Սուրիա կը գտնուին։


Վերջերս Թուրքիոյ ճամբով մեծ թիւով օտար ռազմիկներ Սուրիա մտան ծայրայեղ մահմետականներու հետ պայքարելու միտումով։ Աւելի քան 20 հազար օտարներ միացան ՏԱՀեՇԻ բանակին, կը տեղեկագրէ ամերիկեան գաղտնի ոստիկանութիւնը։
Յանուն իսլամ կրօնքի օտար ռազմիկները եկած են աւելի քան 90 երկիրներէն, անոնցմէ 3.400 արեւմուտքի երկիրներէն եւ 150ը ԱՄՆ-էն։ Ամերիկեան գաղտնի ոստիկանութեան գնահատումով այս երեւոյթը աննախընթաց է եւ թիւով կը գերազանցէ անոնք որոնք վերջին 20 տարիներուն գացին պայքարելու Աֆղանիստան, Փաքիստան, Իրաք, Եաման եւ Սոմալիա։ Փարիզի մահափորձէն ետք այս երեւոյթը աճում արձանագրած է - կը յայտնէ միշտ նոյն աղբիւրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.