2015-02-11 11:15:21

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի կոչը Լամփետուզա կղզի ժամանող գաղթականներուն ի սպաս։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 11 փետրուար 2015-ին շնորհած հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին, նախ քան ունկնդրութիւնը աւարտելը, Ֆրանչիսկոս Պապը կոչ մը ուղղեց միջերկրական ծովուն մէջ ցուրտին թիրախ դարձած ու մահացած եւ Լամփետուզա կղզի հասած գաղթականներուն ի սպաս, անոնց վստահեցնելով իր աղօթքներն ու քաջալերելով զօրակցութեան հոգին ''որպէսզի ոչ մէկուն պակսի թիկունքն ու օգնութիւնը''։
Քահանայապետը նոյնպէս հրաւիրեց աղօթել Կարդինալական վեհաժողովին համար որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ օրերուն որպէսզի Սուրբ Հոգին հսկէ Կարդինալական Դասի աշխատանքներուն վրայ ու լուսաւորէ ծիրանաւորներն ու անոնց Եկեղեցւոյ ի սպաս ծառայութիւնը։
Անա ապա զանազան լեզուներով ողջունելէ ետք հրապարակը գտնուող հաւատացեալները, յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն, զանոնք հրաւիրելով` Լուրտի Տիրամօր տօնին եւ Հիւանդի համաշխարհային օրուան առթիւ ըլլալ` ''կոյրին աչքերը եւ կաղին ոտքերը'', վստահիլ եկեղեցւոյ աղօթքին ու սիրել կեանքը որովհետեւ սուրբ է, նոյնիսկ երբ յատկանշուած է հիւանդութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.